Նուիրելու Գոհունակութիւնը
Զատկուան քառասնօրեայ պահքին առիթով, Ուրբաթ 30 Մարտ 2012, երեկոյեան ժամը 5։00ին, Է. դասարանի աշակերտները այցելեցին Գարակէօզեան հաստատութիւն՝ իրենց հետ տանելով սրտաբուխ նուէրներ։ Հոն մեր աշակերտները առիթը ունեցան ծանօթանալու տարեկից այլ աշակերտներ։ Անոնք մօտաւորապէս մէկ ու կէս ժամ միասին անցուցին ունենալով ճոխ յայտագիր եւ յանձնեցին իրենց նուէրները։
Այս հանդիպումով աշակերտները գիտակցեցան, որ պահքը միայն ուտելիքէ զրկանք չէ ա՛յլ օգնել իր նմանին. Այս արարքով անոնք ապրեցան նուիրելու հաճոյքը եւ գոհունակութիւնը։