Մեր Հիւրերէն
Հինգշաբթի, 10 Ապրիլին, Քոլէճ այցելեցին «Կիւլպէնկեան» հաստատութեան հայկական բաժանմունքի տնօրէն Ռազմիկ Փանոսեան՝ ընկերակցութեամբ Գեղամ Արք. Խաչերեանի:
Հիւրերը նախ հանդիպում ունեցան վարժարանի տնօրէն Պրն. Զօհրապ Ղազարեանի հետ, ապա շրջեցան բակը, ուսուցչարաններն ու կարգ մը դասարանները: