Մանկապարտէզի Վերամուտ (2016-17)

View Photos [ssba]
Print Friendly, PDF & Email

Ազգային Սիրան Մանուկեան Մանկապարտէզը իր փոքրիկ աշակերտներուն առջեւ իր դռները լայն բացաւ Երկուշաբթի, 26 Սեպտեմբերին: Փոքրիկները վերամուտի իրենց առաջին օրը անցուցին իրենց ծնողներուն հետ, վայելելով «Փոքրերու Աշխարհ« խումբին ելոյթը:

Յաջորդ օրը, անոնք նախ Ս. Հաղորդութիւն ստացան քոլէճի սրահին մէջ, ապա իրենց ծնողները հիւրընկալեցին իրենց դասարաններէն ներս ու միասնաբար խաղացին դպրոցի խաղավայրին մէջ:

Երրորդ օրը փոքրիկները բաժնուեցան իրենց ծնողներէն եւ ուրախ օր մը անցուցին Ժպէյլի խաղավայրին մէջ:


Categories: