Վերամուտ Մանկապարտէզի
Վերջապէս հասաւ Ազգ. Սիրան Մանուկեան Մանկապարտէքի փոքրիկներուն սպասած օրը։
Հինգշաբթի, 29 Սեպտեմբերին՝ նոր գոգնոցներ հագած, պայուսակները իրենց ուսերուն վրայ եւ ծնողներուն ձեռքէն բռնած՝ ներս մտան փոքրիկները՝ սկսելու համար 2011/2012 տարեշրջանը։ Մէկը ուախ ու խնդալով, ուրիշ մը տխուր ու լալով՝ իրենց դասարանները մտան եւ ուսուցչուհիներուն յանձնուեցան մանուկները։
Առտուան հաւաքական երգի պահուն անակնկալ էր խամաճիկին մուտքը երգով ու պարով։
Մանկապարտէզ այցելեց նաեւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեանը, որ աշակերտներուն քանի մը հարցում հարցնելէ ետք՝ բարի վերամուտի իր մաղթանքները փոխանցեց։
Այդ օր փոքրիկները «Բարի Վերամուտ»ի յատուկ ձեռայինով մը տուն վերադարձան։
Մանկապարտէզի Վերամուտ
Categories: School News