Մանկապարտէզի Հիւրեր

View Photos [ssba]
Print Friendly, PDF & Email

    Մանկապարտէզի Հիւրեր
Ուրբաթ,  4 Նոյեմբեր   2011ին, Ազգ. Սիրան Մանուկեան Մանկապարտէզ այցելեց Հայաստանէն հիւրաբար Լիբանան գտնուող  մանկավարժ եւ հայերէն լեզուի դասագիրքերու հեղինակ՝ Տիկին Կարինէ Թորոսեանը։ Ան ներկայ եղաւ Բողբոջ, Կոկոն եւ Ծաղիկ դասարաններու լեզուի եւ խօսակցութեան պահերուն։ Բողբոջ եւ Կոկոն դասարաններու պարագային նիւթը աշունն էր, իսկ Ծաղիկին՝ օդի կենսականութիւնն ու անհրաժեշտութիւնը։
Տիկին Կարինէ Թորոսեանին ընկերակցեցան Ազգ. Վարչութեան Ուսումնական Խորհուրդի անդամներէն՝ Տիկին Սօսէ Ճինպաշեան, ինչպէս նաեւ խորհուրդի գործավար  Օրդ. Մարալ Անթոյեան։


Categories: