Կիրակի, 7 Յունիս 2015, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Սիրան Մանուկեան» հանդիսասրահը կը յորդէր ծնողներով եւ բարեկամներով, որոնք եկած էին իրենց սրտահատորներուն բեմական առաջին քայլերուն հանդիսատէսը ըլլալու եւ կամ իրենց մանուկներուն առաջին վկայականը շնորհաւորելու:
Գեղեցկօրէն յարդարուած բեմը, հրաւիրատոմսն ու յայտագիրը արդէն իսկ կը յուշէին, թէ հանդէսի կեդրոնական նիւթը՝ Յովհաննէս Թումանեանի «Տէրն ու Ծառան» հեքիաթն էր:
Կոկոն դասարանի աշակերտները հանդէսի բացումը կատարեցին՝ Լիբանանի, Հայաստանի ու Քոլէճի քայլերգներով. ապա բեմ բարձրացան մանկամսուրի մանուկները, ուրախութեամբ լեցնելով իրենց ծնողներուն ու հարազատներուն սրտերը: Անոնք իրենց բեմական առաջին փորձառութիւնը ապրեցան` մերթ բեմէն իրենց ծնողները փնտռելով ու մերթ պարելով հայկական եղանակի կշռոյթով, մինչ բեմի կեդրոնէն վար կը ծածանէր հայկական եռագոյնը:
Ծաղիկ դասարանէն Արենի Հաճաքեան, Մայքըլ Դաւիթեան եւ Ռուբէն Գույումճեան կատարեցին բացման խօսքը: Անոնք բարի գալուստ ու հաճելի պահեր մաղթելէ ետք ներկաներուն, հաստատեցին՝ թէ իրենք, 2014-2015 կրթական տարեշրջանին ընթացքին իրենց գծագրութիւններով, երգերով, արտասանութիւններով ու այցելութիւններով նշելէ ետք Հայոց Ցեղասպանութեան 100- ամեակը, որպէս հայ մշակոյթի պահապանները՝ իրենց հանդէսին պիտի ներկայացնեն զուտ հայկական յայտագիր մը, հայ հանրածանօթ հեքիաթագիր Յովհաննէս Թումանեանի «Տէրն ու Ծառան» հեքիաթին ընդմէջէն:
Անոնք, Քոլէճի 30 ամեակին առիթով իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեցին Քոլէճի բարերար Մանուկեան ընտանիքին եւ հանդէսը նուիրեցին Տիկ. Սիրան Մանուկեանի յիշատակին:
Ապա, Ծաղիկ դասարանը ներկայացուց թատրոնը եւ ծառաներու եւ հողագործներու պարերը, ու յաջորդաբար, Բողբոջները՝ Լուսինի եւ արեւի իսկ Կոկոնները՝ Քէֆի պարերը, մինչ Ծաղիկ դասարանի աշակերտները մէջընդմէջ հանդէս եկան թատերական պատկերներով.
Ապա, շրջանաւարտները, իրենց վկայականի տարազներով բարձրացան բեմ, ու համաչափ ու ինքնավստահ շարժումներով, ներկայացուցին հայկական պար մը, հարուածային նուագարաններով կատարեցին երկու նուագներ ու ապա երգեցին «Ազգ Փառապանծ», «Հայաստանի Կարմիր Գինի», եւ «Կենաց Երգ» երգերը:
Յետոյ, շրջանաւարտ փոքրիկները՝ իրենց վկայականի տարազներով ու իրենց ձեռքին ունենալով դպրոցին կողմէ իրենց տրամադրուած ընտանեկան նկարները, տողանցեցին սրահէն դէպի բեմ եւ իբրեւ շնորհակալութեան արտայատութին՝ այդ նկարները տուին իրենց ծնողներուն:
Ապա, գործադիր մանկապարտիզպանուհի՝ Տիկ. Մարալ Էքմէքճեան բեմ հրաւիրեց Քոլէճի տնօրէն Զօհրապ Ղազարեանը:
Տնօրէնը խօսք առնելով հաստատեց, թէ բեմին վրայ կանգնած փոքրիկները, ապացոյցն են հայ ժողովուրդի գոյատեւելու եւ բազմանալու կամքին, ու շեշտեց, թէ եղեռնէն ազատած հայ ժողովուրդի զաւակները իրենց լուման ներդրած են, որպէսզի սփիւռքը ունենայ եկեղեցիներ ու դպրոցներ, որոնցմէ մին է՝ Ազգ. Եղիշէ մանուկեան քոլէճը, կառուցուած՝ Մանուկեան ընտանիքի իշխանական նուիրատուութեամբ, եւ որպէս երախտագիտութիւն անոնց կատարած ազգանուէր գործին, քոլէճի 30 ամեակին վկայուող այս 30րդ հունձքը որոշուեցաւ մկրտել՝«Սիրան Մանուկեան Սերունդ»:
Տնօրէնը նաեւ շնորկահակալութիւն յայտնեց ծնողներուն, իրենց գործակցութեան համար, շեշտելով թէ բոլորին միացեալ ճիգերով միայն կարելի է հասնիլ գնահատելի արդիւնքներու ու խօսքը եզրափակեց ըսելով.-«Կը գտնուինք Հայոց Ցեղասպանութեան երկրորդ 100 ամեակի սեմին: Հայ վարժարանի շնորհիւ է միայն որ կրնանք վառ պահել պահանջատիրական մեր ոգին ու անոր շնորհիւ է որ կրնանք ընթանալ դէպի յաղթական 100 ամեակ»:
Իր խօսքի աւարտին, ան բեմ հրաւիրեց քոլէճի նուագի ու մանկապարտէզի Անգլերէնի դասատու՝ Տիկ. Ռուպինա Դերձակեանը, որ ճամբորդութեան պատճառով պիտի ստիպուի հեռանալ քոլէճի ընտանիքէն, շնորհակալութիւն յայտնեց անոր եւ ծաղկեփունջով մը պատուեց զայն:
Ապա, Տէր Սարգիս քհնյ. Սարգիսեան, խօսք առնելով հաստատեց, թէ վկայուող սերունդները հայ ժողովուրդի ապագան են, ու մաղթեց որ անոնք աւելի բարձր վկայականներու արժանանան:
Ապա տնօրէնը, գործադիր մանկապարտիզպանուհին Տէր Սարգիս քհնյ. Սարգիսեանը կատարեցին վկայականներու բաշխումը:
Մանկապարտէզի վկայական ստացան՝
Ծաղիկ 1
Գույումճեան Ճենիֆըր
Հաճի Օհանեան Թամարա
Հաճաքեան Արենի
Շէկոյեան Նանար
Պետրոսեան Սերենա
Պէրպէրեան Արփի
Սարեան Քաթրին
Գույումճեան Աւօ
Գույումճեան Ռուբէն
Գույումճեան Վաչէ
Մանճիկեան Արա-Ատոմ
Մանճիկեան Արէն
Միսքճեան Յարութ
Պատագեան Գէորգ
Վարդանեան Վարդան
Փօլատեան Սեւակ
Ծաղիկ 2
Աբրահամեան Տեսիլ
Լէփէճեան Այլին
Ուաննիս Արինա
Պաղտասարեան Ռոզալին
Դաւիթեան Մայքըլ
Զաքարեան Ժագ
Կարապետեան Նարեկ
Կարապետեան Նիկոլ
Մանուկեան Ռաֆայէլ
Մելքոնեան Յակոբ
Պապիկեան Անթընի
Պէքէրեան Կայծակ
Տօնապետեան Արմէն
Օգճեան Ճորճ
Ֆրէնկիւլեան Գօգօ-Ճօ