Մանկապարտէզի Կաղանդ

View Photos [ssba]
Print Friendly, PDF & Email

Կաղանդը Մանկապարտէզէն ներս
Հինգշաբթի, 27 Դեկտեմբեր  2012ին, Ազգ. Ս. Մանուկեան Մանկապարտէզի Կաղանդի տօնակատարութեան օրն էր։
Փոքրիկներուն ծնողները արդէն ժամը 10։30ին վարժարանին սրահին մէջ կը գտնուէին, ուր մանկապարտիզպանուհի տիկին Վերա Ստեփանեան powerpoint-ով ցուցադրեց սահիկներ Կաղանդի սովորութիւններու ծագումին մասին, ինչպէս նաեւ՝ Կաղանդի տօնակատարութեան նկարներ զանազան երկիրներու մէջ։ Անկէ ետք մանկապարտէզի բոլոր փոքրիկները իրենց կաղանդի հագուստներով ու կարմիր գլխարկներով բեմ բարձրացան, երգեցին, ծափեցին,արտասանեցին եւ Կաղանդ Պապուկը դիմաւորեցին ուրախութեամբ ու ջերմ ծափերով։   Ապա  դասարանները ուղղուեցան, ուր իրենց ծնողներուն յանձնեցին իրենց պատրաստած կաղանդի յատուկ ձեռայինը եւ Կաղանդ պապայէն ստացան իրենց նուէրները։
Կաղանդ պապային շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք, մաղթեցին յաջորդ տարին դարձեալ հանդիպիլ։


Categories: