Մայրերու Օր

View Photos [ssba]
Print Friendly, PDF & Email

   Իմ Մայրիկիս Տօնն Է Այսօր
   Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան Քոլէճի նախակրթարանի աշակերտները խանդավառ երուզեռի մէջ էին՝ մայրերու տօնը նախորդող շաբթուան ընթացքին:
Անոնք իրենց մայրիկներուն համար արդէն իսկ պատրաստած էին իւրայատուկ հրաւէրներ, անձամբ զարդարած զանոնք ու անոնց մէջ տեղադրած՝ մօր նուիրուած հայերէն երգերու փունջ մը պարփակող խտասալիկներ: Անոնք  նախակրթարանի պատասխանատուին ու արուեստի ուսուցիչներուն   հսկողութեամբ կը կատարէին հանդէսի փորձերը, մինչ դասաւանդ ուսուցչուհիները կը դասաւորէին, տարեշրջանին ընթացքին, աշակերտակերտներու կողմէ պատրաստուած ձեռային աշխատանքները, գիտական որմազդներն ու փորձարկումները, կայանալիք ցուցահանդէսին համար:
Վերջապէս հասաւ սպասուած օրը:
Մայրեր, մեծ մայրիկներ ու նաեւ հայրեր ու հարազատներ լեցուցած էին Քոլէճի հանդիսասրահը:
Հանդէսի բեմավարութիւնը ստանձնած էին վեցերորդ դասարանի աշակերտները, որոնցմէ  Բալիկ Կիւլեան կատարեց բացման խօսքը: Ապա բեմ բարձրացան առաջին դասարանի աշակերտները որոնք իրենց  հայերէն ու արաբերէն արտասանութիւններով, երգերով  ու զոյգ հայկական  պարերով իրենց սէրն ու երախտագիտութիւնը յայտնեցուն իրենց մայրերուն:
Ապա երկրորդ դասարանի աշակերտները իրենց փոքրիկ հարուածային նուագարաններով ներկայացուած եղանակներով, «Իմ Անունը Հայաստան է» ու Ներսիկի՝ Ազգային պարերով, «Անոյշ մայրիկ» ու  «Մայրիկիս տօնն է Այսօր» երգերով, ու « Մայրերու Օր» ասմունքով՝ ջերմացուցին իրենց մայրերուն սրտերը:
Երրորդ դասարանը հանդէս եկաւ  հայերէն ու Արաբերէն ասմունքներով: Յատկանշական էր «Իմ Պապիկի Հայաստան» երգի կատարումը, որու ընթացքին  թէ՛ երգը, թէ՛ չափական նուագը ու  դաշնակի ընկերակցութիւնը կատարուեցան Գ. Կարգի աշակերտներուն կողմէ: Դասարանի պարախումբը  գեղեցիկ ձեւով ներկայացուց  Արաբական Արտայայտչական պար մը:
Վեցերորդ դասարանէն  Պարոյր Գույումճեան հարազատ ու արտայայտիչ ձեւով ասմունքեց Ա. Իսահակեանի՝ «Մօր Սիրտը», որմէ ետք չորրորդ դասարանը ներկայացուց «Լիլի» ու «Նուպար» պարերը եւ «Մայրս»՝ խմբերգը: Լիբանանի վարժարաններու ախոյեան (միջակ երկսեռ խումբերու) Դ. դասարանի պարախումբը նաեւ իր  «Տէպքէ»ով գրաւեց ներկաները :
Հինգերորդ դասարանէն Անժելա Սալորեան ասմունքեց Ս. Կապուտիկեանի «Խօսք Իմ Որդուն» բանաստեղծութիւնը, Վինսընթ Եուսէֆ մեներգեց «Մայրիկ Ջան» երգը, «Գիշեր Ցերեկ» խմբերգն ու «Հանիննա» պարը, իսկ վեցերորդ դասարանէն խումբ մը աշակերտներ ասմունքեցին Պ. Սեւակի՝ «Մօր Ձեռքերը»:
Յատկանշան էր, որ իւրաքանչիւր դասարանի կատարումի աւարտին, աշակերտները իրենց մայրերն ու դաստիարակները կը պատուէին՝ բեմին վրայ զետեղուած ծաղիկները նուիրելով անոնց:
Օրուան անակնկալն էր  Լիբանանի վարժարաններու պարի ախոյեան մեծ աղջիկներու խումբին ներկայացուցած՝ «Խաղաղութիւն» արտայայտչական պարի կատարումը:
Հանդէսի աւարտին՝  խօսք առաւ Քոլէճի տնօրէն  Պրն. Զօհրապ Ղազարեան: Տնօրէնը վեր առաւ մօր դերը ընդհանրապէս ու հայ մօր զոհաբերութիւնը մասնաւորապէս, իր զաւակներուն մարդկային ու ազգային դաստիարակութեան, ինչպէս նաեւ  հանգիստ ու բարօր կեանքի  ապահովման  ջանքին մէջ:
Ապա տնօրէնը շնորհակալութիւն յայտնեց ու ծաղկեփունջով պատուեց Քոլէճի պարի դասատու՝ տիկ. Անի Կոստանեանը իր անսակարկ նուիրումին համար, որու շնորհիւ Քոլէճը երրորդ տարին ըլլալով կը տիրանայ  Լիբանանի պարի միջ – դպրոցական մրցանքի ախոյեանութիան, ինչպէս նաեւ նախակրթարանի պատասխանատու՝ Տիկ. Լենա Ճինպաշեանը, ձեռնարկի յաջողութեան մէջ իր ունեցած մեծ ներդրումին համար:
Գեղարուեստական յայտագիրի աւարտին նախակրթարանի բոլոր աշակերտները, թէ՛ բեմին վրայ եւ թէ՛ սրահի տարածքին, ձեռք – ձեռքի ու եռագոյնները պարզած պարեցին « Եռագոյն »  երգի եղանակի կշռոյթով, որմէ ետք ներկաները ուղղուեցան կողքի սրահը դիտելու աշակերտական  ցուցահանդէսը:

 


Categories: