Ճիշդ Հհչենք

View Photos [ssba]
Print Friendly, PDF & Email

Ճիշդ Հնչենք
Մեղրի Գէորգեան Առաջին Կը հանդիսանայ
«Վանայ Ձայն»ի կազմակերպութեամբ, անցնող քանի մը ամիսներուն ընթացքին տեղի ունեցաւ միջդպրոցական «Ճիշդ Հնչենք» մրցումը, որուն նպատակն էր քաջալերել աշակերտներուն սէրը հայերէնի եւ անոր ճիշդ ուղղագրութեան հանդէպ։
Մարտին ընթացք առած մրցումին մասնակցեցան Զ., Է. եւ Ը. դասարաններու աշակերտները։ Իւրաքանչիւր դպրոց իւրաքանչիւր դասարանի համար ներկայացաւ մէկ աշակերտով։ Ազգ. Ե. Մանուկեան քոլէճը ներկայացուցին Զ. դասարանէն Հրակ Ստեփանեան, Է. դասարանէն՝ Փաթիլ Գազանճեան եւ Ը. դասարանէն՝ Մեղրի Գէորգեան։ Փաթիլը առաջին հանգրուանէն դուրս մնաց մրցումէն, մինչ Հրակն ու Մեղրին յաջողութեամբ աւարտելով երկու հանգրուաններ՝ հասան աւարտական փուլին, որ տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 28 Մայիսին։
Իւրաքանչիւր դասարանի համար աւարտական փուլ հասած էին երկուքական աշակերտներ, որոնք պիտի մրցէին իրարու դէմ։ Այս փուլին, Հրակ Ստեփանեան հանդիսացաւ երկրորդ, իսկ Մեղրի Գէորգեան՝ պարտութեան մատնելէ ետք իր մրցակիցը, հանդիսացաւ առաջին եւ ստացաւ Laptop մը իբրեւ նուէր։
Վարժարանի Տնօրէնութիւնն ու ուսուցչական կազմը կը շնորհաւորեն Մեղրին ու Հրակը։


Categories: