Ձիւնագնացութիւն/Մանկապարտէզ

View Photos [ssba]
Print Friendly, PDF & Email

Մանկապարտէզի Ձիւնագնացութիւն
Ուրբաթ, 23 Մարտ 2012ին, Ազգ. Սիրան Մանուկեան Մանկապարտէզի Բողբոջ, Կոկոն եւ Ծաղիկ դասարաններու աշակերտները փոխադրակառք բարձրացան՝ այս անգամ ուղղուելու համար դէպի Լիբանանի գեղեցիկ ու տեսարժան վայրերէն՝ Զաարուր։
Տաք պահող հագուստներ ու մոյկեր հագած, փոքրիկները ձիւն գնդակ շինեցին իրարու վրայ նետելու համար, դէպի վեր մագլցեցան վերէն վար արագ սահելու համար, ու իրենց ուսուցչուհիներուն հետ ձիւնամարդեր շինեցին։
Տաքուկ արեւը ու պայծառ օդը վայելելով, փոքրիկները խաղացին ու զուարճացան. իսկ դպրոց վերադարձին՝ ճամբան քնացան։
Շատ հաճելի էր ձիւնագնացութիւնը։


Categories: