Քոլէճի աշակերտութիւնը Ապրիլ ամսուան ձեռնարկներու ծիրէն ներս յաջորդաբար ունենալէ ետք աշակերտական ձեռնարկներ, պատի թերթերու պատրաստութիւն, գծագրական մրցանք, քայլարշաւ դէպի մայրավանք,այցելութիւն Պիքֆայյայի Նահատակաց յուշարձան, ինչպէս նաեւ այս առիթովպատրաստելէ ետք որմազդներ ու «Չե՛նք նահանջեր, կը նուաճե՛նք» գրութեամբ ապարանջան մը, Հայոց Ցեղասպանութեան 100 Ամեակին նուիրուած աշխատանքներու եզրափակումը կատարեց ժողովրդային ձեռնարկով եւ յուշակոթողի բացումով:
Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ, Շահէ եպս. Փանոսեանի, Հինգշաբթի, 30 ապրիլ 2015-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի յատուկ ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի «Սիրան Մանուկեան» սրահին մէջ, որմէ ետք բացումը կատարուեցաւ ապրիլեան յուշակոթողին:
Լիբանանի, Հայաստանի եւ քոլէճի քայլերգներուն յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, Քրիստ Իսկենտերեան բացումը կատարեց ձեռնարկին եւ իր ողջոյնի խօսքին մէջ պատմական յետադարձ ակնարկով սեղմ գիծերու մէջ թուեց հայութեան կրած տառապանքները եւ անոր գոյատեւելու ճիգերը` վերահաստատելով, որ հայ ժողովուրդը պիտի շարունակէ իր պայքարը: «Հակառակ Թուրքիոյ ժխտողական քաղաքականութեան, պիտի շարունակենք պայքարը, լեռներ քանդող մեր հաւատքով», ընդգծեց Իսկենտերեան: Ապա ան ներկայացուց յայտագիրին գլխաւոր խորագիրները` յաջորդաբար բեմ հրաւիրելով օրուան բանախօսները:
Օրուան պատգամը փոխանցեց Կարօ Յովհաննէսեան, որ պատմական սեղմ գիծերու մէջ ներկայացնելէ ետք հայութեան պահանջատիրական պայքարի հանգրուանները` 1878-ի Սան Ստեֆանոյէն մինչեւ 1920-ի Սեւրը, ան ընդգծեց, որ պէտք է նախ հայը հայո՛ւն ծանօթացնել եւ նոր սերունդին փոխանցել Թուրքիոյ իրական պատկերը եւ հայութեան պայքարը դարձնել ամէնօրեայ ու հետեւողական պայքար, առանց սպասելու ամեակներու եւ նոր Ապրիլ 24-ներու: Շեշտելով Հայոց ցեղասպանութեան 50-ամեակի անկիւնադարձային հանգրուանը` Յովհաննէսեան խիստ բարձր գնահատեց զօրակցական նորանոր կեցուածքները, յատկապէս` Հռոմի պապին եւ Գերմանիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը: Թուրքիա ծունկի կու գայ ուժին առջեւ եւ պէտք է համապատասխան կեցուածք ցուցաբերել` ուժին ուժո՛վ պատասխանել, նշեց Յովհաննէսեան` դիտել տալով, որ Հայաստանի 7/10-րդ տարածութիւնը` 112 հազար քառ. քիլոմեթրը այսօր բռնագրաւուած է Թուրքիոյ կողմէ: Ան մէջբերեց Համաշխարհային Բ. պատերազմի աւարտին Ճափոնի կեցուածքը, որ պարտուած ըլլալը ընդունելով վճռած էր «զօրանալ» ու դառնալ ուժեղ պետութիւն: Յովհաննէսեան շեշտեց պայքարի հետեւողական շարունակութեան կարեւորութիւնը` ներքին թէ արտաքին ճակատներու վրայ:
Խօսք առաւ նաեւ քոլէճի տնօրէն Զոհրապ Ղազարեան, որ նախ արաբերէնով եւ ապա հայերէնով արտասանած իր խօսքերով ողջունեց ներկաները` ցաւ յայտնելով, որ մարդկութիւնը ձախողեցաւ եւ հարիւր տարիէ ի վեր ուշացաւ արդարութիւնը իրագործելու: Գերմանիոյ նման գերպետութեան մը ճանաչումէն ետք, այլեւս Թուրքիոյ կը մնայ տեղի տալ եւ ընդունիլ իրականութիւնը: Ղազարեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր այն անձնաւորութիւններուն եւ հաստատութիւններուն, որոնք իրենց կեցուածքներով թէ պաստառներ ցուցադրելով իրենց հաստատութիւններուն վրայ զօրակցեցան հայութեան: Ղազարեան նաեւ նշեց, որ հայութեան կողքին օսմանցի թուրքին թիրախ դարձան նաեւ բոլորը, որոնք սակայն մոռցած են կամ կ՛անգիտանան յատկապէս Մայիս 6-ի նահատակներուն յիշատակը: «Ոմանք սակայն անգիտանալ ձեւացան եւ թրքական դրօշակներ պարզեցին, անոնց կ՛ըսեմ` եթէ դուք մոռցաք, մենք ձեր տեղ կը յիշենք ու կը յիշեցնենք, Աստուած թող ներէ ձեզ», ըսաւ Ղազարեան: Զոհրապ Ղազարեան այս առիթով վերահաստատեց հայութեան պայքարի վճռակամութիւնը եւ ըսաւ. «Պիտի պայքարինք մինչեւ արդարութեան հատուցումը եւ պիտի վերատիրանանք մեր հողերուն»: Ան այս առիթով շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք նպաստեցին ձեռնարկի յաջողութեան, յատկապէս` Հրայր Սարգիսեանին եւ Նորա Ապաճեանին` իրենց նիւթական աջակցութեան համար: Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Գօգօ Ճենանեանին, որուն մտայղացումով ու աշխատութեամբ կարելի եղաւ իրագործել 100-ամեակի յուշակոթողը:
Իր խօսքի աւարտին տնօրէն Ղազարեան բեմ հրաւիրեց «Մուքթատա» կրթական համալիրի պատասխանատուներէն շէյխ Պիլալ Աուատան, որ արաբերէնով ողջունեց ներկաները` յայտնելով, որ խորապէս զգացուած է: Ան խիստ բարձր գնահատեց հայութեան գոյատեւելու կամքն ու պահանջատիրութեան վճռակամութիւնը: Շէյխ Աուատա դատապարտեց Հայոց ցեղասպանութիւնը` ընդգծելով, որ իսլամական կրօնը անպարտ է նման ոճիրէ: Ան մէջբերումներ կատարեց Յիսուսի եւ Մոհամետ մարգարէի խօսքերէն` նշելով անոնց զոհաբերութեան ոգին` իրենց հետեւորդներուն եւ առհասարակ մարդկութեան փրկութեան համար: Ան զուգահեռ մը գծեց անցեալի եւ ներկայի նմանօրինակ դէպքերուն միջեւ` շեշտելով, որ պայքարը կանգ պիտի չառնէ մինչեւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումն ու արդարութեան հատուցումը, Քեսապէն մինչեւ Մաալուլա եւ անդին, ուր դէպքերը կը կրկնուին ու հայութիւնը, քրիստոնէութիւնը, մարդկութիւնը թիրախ է նոյն յանցագործներուն: Շէյխ Պիլալ Աուատա նաեւ գնահատեց քոլէճի աշակերտութեան ներկայացումները. «Աշակերտները յաջող կերպով փոխանցեցին պատգամը», հակառակ լեզուի տարբերութեան:
Իր կարգին, խօսք առաւ Շահէ եպս. Փանոսեան, որ յետադարձ հակիրճ ակնարկով նշեց հայոց ապրած գողգոթան ու կրած տառապանքները եւ վերապրելու, գոյատեւելու վճռակամութիւնը: «Այսօր դարձեալ ոտքի է հայը եւ կը պահանջէ իր արդար իրաւունքը», ընդգծեց առաջնորդ սրբազան հայրը: Ան անհրաժեշտ նկատեց նորահաս սերունդներուն փոխանցել հայութեան աննկուն կամքն ու վճռակամութիւնը, թէ ի՛նչ հաւատքով հայը ողջ մնացած է: Ան վեր առաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով կազմակերպուած բազմաթիւ ձեռնարկները` մաղթելով, որ յառաջիկայ տարիներուն ալ պայքարը կը շարունակուի նոյն եռանդով: Սրբազան հայրը այս առիթով գնահատեց քոլեճի այս նախաձեռնութիւնը եւ յատկապէս աշակերտութեան դերակատարութիւնը անոր իրագործման մէջ:
Ապա ներկաները համախմբուեցան քոլէճի շրջափակը, ուր առաջնորդ սրբազանը, շէյխ Պիլալ Աուատա, տնօրէն Զօհրապ Ղազարեան եւ քոլէճի խնամակալութեան ատենապետ Յովիկ Կէօզիւպէօյիւքեան բացումը կատարեցին ապրիլեան յուշակոթողին: Այս առիթով առաջնորդ սրբազանը պահպանիչով օրհնեց սրբազան այս արարողութիւնը:
Ձեռնարկի ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, ուր քոլէճի երգչախումբը ներկայացուց ազգային երգեր, ինչպէս` «Քելէ քելէ» «Իմ պապիկս Հայաստան», «Տեսնեմ Անին», խմբավարութեամբ` Գայեանէ Մարկոսեանի: Նմանապէս, խումբ մը աշակերտներ հայկական պարի կապոյտ տարազներով ներկայացուցին արտայայտչական պար մը (պարուսոյց` Անի Կոստանեան): Ձեռնարկի սկզբնաւորութեան մանկապարտէզի երկու փոքրիկներ արտասանեցին Ժաք Ս. Յակոբեանի «Մենք»-ը, որմէ ետք խումբ մը աշակերտներ ներկայացուցին Սիամանթոյի «Պարը»: Իսկ երկրորդականէն Լոռի Զէքեան հմայեց ներկաները` մեներգելով «Զինուորին մօր երգը»` կիթառի վրայ ընկերակցութեամբ Աւօ Մարտիրոսեանի, Ցոլակ Թէքկէլեանի եւ Մինաս Մազլումեանի: