Կալա

View Photos [ssba]
Print Friendly, PDF & Email

   Կալա
   
Ուրբաթ, 4 Մայիս, 2012-ի երեկոյեան, Էշրէfիէի, Le Maillonե  ճաշարանին մէջ կայացաւ Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան Քոլէճի Կալա Ընթրիքը, ներկայութեամբ՝ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տէր Գեղամ Արք. Խաչերեանի, Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանին ու Հիւպատոսին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետին, Ազգային Իշխանութեանց մարմիններու ներկայացուցիչներուն, Քոլէճիս բարեկամներուն ու մեծ ընտանիքին։
Առաջնորդ Սրբազանի սեղանօրհնէքէն ետք, բացման խօսքը արտասանեց Քոլէճի ուսուցչուհիներէն՝ Տիկ. Լենա Արապօղլեանը։ Ան բարի գալուստ մաղթեց Քոլէճի հարազատներուն, նշեց  Քոլէճի ձեռք ձգած փայլուն արդիւնքները՝ ազգային, կրթական թէ այլ բնագաւառներուն մէջ ու խօսքը եզրափակեց ըսելով. «Ձեր ներկայութիւնը այսպիսի ձեռնարկի մը արդէն իսկ ապացոյց է, որ զօրավիք կը կանգնիք մեզի, սատարելու վերոյիշեալ ծրագիրներու յաջողութեան, որպէսզի հայ աշակերտը շարունակէ կոփուիլ այստեղ իբրեւ լա՛ւ մարդ, տիպա՛ր հայ ու քրիստոնեա՛յ ու զինուիլ ուսումով ու բարձր կրթութեամբ»։
Ապա խօսք առաւ Քոլէճի Տնօրէն՝ պրն. Զօհրապ Ղազարեանը, որ դրուատեց նուիրեալ դաստիարակներուն անխոնջ ջանքերը, որոնց շնորհիւ կերտուած է քսանվեց տարիներու վաստակ մը. աւելցնելով, թէ ապագայի կարելիութիւնները բոլորին առջեւ կը բանան զոհողութեան ու նուիրումի նոր մարտահրաւէրներ։ Ապա ան յայտնեց, թէ խնամակալութիւնն ու տնօրէնութիւնը որոշած են ձեռնարկել Ա.-էն ԺԲ. դասարաններու նորոգման ու որակաւորման աշխատանքին, զանոնք դարձնելու համար աւելի եւս հրապուրիչ ու օժտելու համար զանոնք կրթական մարզի արհեստագիտական նորագոյն կազմածներով ու աւելցուց. «Տեսիլքը կը մնայ, պէ՛տք է մնայ նոյնը։ Եթէ կը փոխուին դաստիարակութեան ձեւերն ու նիւթերը, ապա զանց ընելու չենք զարգացումները միշտ կառչելով մեր ազգային սկզբունքներուն, որոնք գալիք սերունդներուն համար եւս պիտի պատրաստեն նկարագրի դարբնոց ու բարոյական վերելքի առիթ». ապա տնօրէնը ուրախութեամբ յայտարարեց, որ Ա. դասարանի աշխատանքները արդէն իսկ աւարտած են ու Դաւիթ, Կի ու Քրիստեան Մանուկեաններ ստանցնած են հոգալ երկու դասարաններու նորոգութեան ու սարգաւորման  բոլոր ծախսերը  եւ աւելցուց. «Մնացեալը իրագործելու համար կը դիմենք ձեզի՝ Ազգ. Եղիշէ Մանուկեանի Քոլէճի մեծ ընտանիքին, որպէսզի տէր կանգնիք  վարժարանին՝ իւրաքանչիւրդ  իրեն ընձեռուած կարելիութիւնններով »։
Ապա ան ներկաներուն մաղթեց ուրախ ժամանց ու Քոլէճին՝ նորանոր նուաճումներ եւ բեղուն ամեակներ։
Տնօրէնին խօսքէն ետք ցուցադրուեցաւ կարճ տեսերիզ մը, որ կը ներկայացնէր Կի, Դաւիթ եւ Քրիստիան Մանուկեաներու բարերարութեամբ կառուցուած  fութպոլի դաշտը ու Ազգային Առաջնորդանի հովանաւորութեամբ նորոգուած եւ արդիականացած Ա. դասարանը։ Տեսերիզին մէջ տեղ գտած էին նաեւ  ուսուցիչներու եւ աշակերտներու կարծիքներ ։
Յայտագրի գեղարուեստական բաժինով հանդէս եկան Քոլէճի շրջանաւարտ ու այժմ ուսուցիչներ՝ Սեւան Հապիպը՝ մեներգով, ու Ռուպինա Զաքարեանը՝ դաշնակի ընկերակցութեամբ, ներկայացնելով փունջ մը հայերէն երգեր։Ապա խօսք առաւ Քոլէճի խնամակալութեան ատենապետ պրն. Յովիկ Կէօզիւպէօյիւքեանը, որ ներկայացուց ընթացք առած ծրագիրը ու ըսաւ. « Եթէ համոզուած էք մեր ծրագիրներուն, եկէք միասին ներդրում ունենանք այս դպրոցին մէջ՝ մեր զաւակներուն ու հայ աշակերտին համար»։
Ապա խօսք առաւ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ  Գերաշնորհ Տէր Գեղամ Արք. Խաչերեան։ Ան ըսաւ, թէ հաւատալով, որ հայ դպրոցը հայ ժողովուրդի գոյութեան անբաժանելի մէկ մասը կը կազմէ, եւ թէ ինք գնահատանքի արժանի տեսած է տնօրէնութեան եւ խնամակալութեան ներկայացուցած բարեկարգման ծրագիրը ու յանձն առած՝ բարերարի մը միջոցաւ, ապահովել դասարանի մը կահաւորումը։ Տէր  եւ  տիկին Հրայր եւ Միրնա Սարգիսեաններ, ընդառաջելով սրբազանին առաջարկին արդէն իսկ մեծապէս   աջակցած  են  այդ աշխատանքի  ծախսերուն։Առաջնորդ սրբազանը նշեց, թէ պատերազմէն առաջ գաղութը ունէր բազմաթիւ հայկական երկրորդական վարժարաններ, որոնց արդիւնքը կը վայելենք այսօր ու շեշտեց, որ հայու  նկարագիրի լաւագոյն յատկանիշներէն մին է՝ լաւագոյնին ձգտիլը։
Սրբազանը իր խօսքի աւարտին ըսաւ. «համայնք մը պահելու համար անհրաժեշտ է՝ դպրոցը պահել։ Մեր գոյութեան պայքարի յաղթանակի որոշումը ժողովուրդին ձեռքն է։ Խնամակալները, պատասխանատուները կ՛աշխատին, կը պայքարին, սակայն մեր յաղթանակի իրագործումը ձեր ձեռքն է եւ ձեր ներկայութիւնը կ՛ըսէ, որ մենք միասնաբար մի՛շտ յաղթական ենք»։
Կալայի ընթացքին՝ ներկաները կատարեցին առատաձեռն  նուիրատուութիւններ, որոնցմէ գոյացաւ 90,000  ամ. տոլար։

 


Categories: