Հինգշաբթի, 18 Դեկտեմբերի երեկոյեան ժամը 7:00ին, Հովանաւորութեամբ՝ Լիբանանի Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Շահէ Եպս. Փանոսեանին, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլէճին մէջ բացումը կատարուեցաւ «ԺԱՆ ԱՊԱՃԵԱՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ»ին:
Արդարեւ, քոլէճի ծնողք՝ հանգուցեալ Պրն. Ժան Ապաճեանի այրին, տիկ. Նորա Ապաճեան, իր ամուսինին փափաքը իրականացնելու եւ յիշատակը յաւերժացնելու համար գրադարանին նորոգութեան եւ սարքաւորման համար նուիրեց 23 հազար Ամ. Տոլարի գումար մը, որու արդիւնքը եղաւ մանկապատանեկան բարեզարդուած ու գունագեղ գրադարան մը, օժտուած մանկապատանեկան գիրքերով եւ ընթերցանութեան անկիւններով եւ գրասեղաններով:
Բացման հանդիսութեան ներկայ էին Լիբանանի Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Շահէ Եպս. Փանոսեանը, ազգային վարչութեան, Հ.Մ.Ը.Մի շրջանային վարչութեան եւ պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ, Ճիւնիի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդի անդամներ,քոլէճի խնամակալութիւն, տիկնանց յանձնախումբ, ուսուցիչներ ու ծնողներ ու աշակերտներ:
Լիբանանի ու Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, խօսք առաւ քոլէճի տնօրէն՝ պրն. Զօհրապ Ղազարեան: Ան վեր առաւ գիրքի դերը հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ, եւ ժողովուրդին ունեցած սէրը եւ յարգանքը հայ գիրքին նկատմամբ, մէջբերելով հայոց պատմութենէն դրուագներ ու հաստատեց, թր գիտակցելով գիրքի անհրաժեշտութեան, աշակերտներուն կեանքէն ներս, տնօրէնութիւնն ու խնամակալութիւնը ձեռնարկեցին գրադարանի բարենորոգման աշխատանքներուն, որու բարերարութիւնը ստանձնեց քոլէճի ծնողներէն տիկին Նորա Ապաճեան, իր հանգուցեալ ամուսնոյն ՝ պրն. Ճան Ապաճեանի յիշատակին:
Ապա տնօրէնը վեր առաւ պրն. Ժանի արժանիքները, որպէս համեստ, իմաստուն ու գործնական անձ, նշելով, որ ան միշտ եղած է քոլէճին կողքին, որպէս բարերար ու խորհրդատու:
Ան հաստատեց նաեւ, թէ թուայնացման այս դարուն, գիրքը տակաւին հետաքրքրական է աշակերտներուն համար եւ անոր փաստը զբօսանքներուն ընթացքին գրադարանի մէջ ստեղծուած աշակերտական խճողումն է:
Ան իր խօսքի աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց գրադարանի պատասխանատու տիկ. Վերա Ստեփանեանին, Հայկազեան համալսարանի գրադարանապետ՝ տիկ. Սոնա Սիսլեանին եւ ՆԵՍԹի գրադարանապետ՝ տիկ. Եւնիկէ Եագուպեանին, քոլէճի խնամակալութեան ու պրն. Խաչիկ Գանթարճեանին, Ուսումնական Խորհուրդին ու Լիբանանի Բարեջան Առաջնորդ՝ Սրբազան Շահէ Փանոսեանին, որունց զօրակցութեան ու գործակցութեան շնորհիւ կարելի եղաւ յաջողցնել գրադարանի ծրագիրը:
Ապա, Քոլէճի Հինգերորդ դասարանի աշակերտուհիներ՝ Լիակ Մարտիրոսեան,Նանոր Աշճեան եւ Կալինա Սալորեան երգեցին «Ձօն Գիրքին» երգը, իսկ Իններորդ դասարանէն Լոռի Միթիլեան ասմունքեց «Մաշուած Գրքեր» բանաստեղծական կտորը:
Ընտանիքին կողմէ խօսք առաւ Տիկ. Նորա Ապաճեանին եղբայրը՝ Տօքթ. Մորիս Ժանպաթեան, որ պատիւ սեպեց խօսք առնել հայ դպրոցի գրադարանի բացման առիթով, շեշտելով, որ ժան Ապաճեան անունը կրող գրադադրանը հանգուցեալին յիշատակը անմեռ պահելու ամէնէն հրազատ ձեւը պիտի ըլլայ, տրուած ըլլալով որ ան կը հաւատար ազգային դպրոցի առաքելութեան եւ իր մէկ հատիկ զաւակը արձանագրած էր այնտեղ. Երեւոյթ մը, որ լաւագոյն փաստն է անոր ազգասէր մտածելատերպին:
Ան իր խօսքին մէջ հաստատեց, թէ ցեղասպանութեան հարիւրամեակի սեմին գրադարանը միջոց մըն է աշակերտները ծանօթ դարձնելու ազգային իրաւունքներուն ու անցեալին: Ան իր խորին շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց որոնք նեցուկ հանդիսացան այս ծրագրին յաջողութեան:
Ապա, ան փոխանցեց տիկ. Նորայի Ապաճեանի անակնկալը՝ քոլէճէն ներս հիմնադրել կարիքաւոր եւ յառաջաւոր աշակերտներու «ժան Ապաճեան ֆոնտ»ը:
Հանդիսութիւնը եզրափակեց Լիբանանի Թեմի Առաջնորդ Տէր Շահէ Եպս, Փանոսեան, որ հաստատեց, թէ այսպիսի երեկոյ մը իւրայատուկ երեւոյթ է գաղութի կեանքէն ներս, նկատի ունենալով, որ թուայնացման այս դարուն երբ ընկերութիւնը գիրքէն կը հեռանայ, քոլէճը իր մտերմութիւնը կը հաստատէ գիրքին հետ, գիտակցելով՝ որ Հայ ժողովուրդի մտաւոր հարստութիւնը գիրքերուն մէջ կուտակուած ու յաջորդող սերունդներուն փոխանցուած է: Ան գնահատեց այս փոքրիկ անկիւնը յարդարելու գործին սատարած բոլոր նուիրեալները, որոնք օգնած են, որ գալիք սերունդները անցնող դարերու ոգիին հետ հաղորդուին: Ան նաեւ իր գոհունակութիւնը յայտնեց գրադարանը Պրն. Ժան Ապաճեանի անունով կոչելու գաղափարին, վեր առնելով անոր հայրենասէր հայու արջանիքները: Ապա, ան գնահատեց Տիկ. Նորա Ապաճեանին՝ իր ամուսնոյն յիշատակը նման արարքով մը յաւերժացնելու ճիգը, մաղթելով, որ անոր յիշատակը այս աշխատանքին ընդմէջէն միշտ վառ մնայ:
Առաջնորդ սրբազանը իր խօսքը եզրափակեց ըսելով.-«Ազգ. Ե. Մանուկեան Քոլէճը շարունակաբար մեզ անակնկալներու դիմաց կը դնէ եւ այս պատահականութեան արդիւնք չէ, այլ արդիւնք է աշխատանքի, տեսիլքի, կամեցողութեան ու պատուանդանի վրայ մնալու վճռակամութեան»: Ապա, ան ողղջունեց բոլորը, մաղթելով՝ որ Աստուած օրհնէ այս ընթացքը եւ զայն օրինակելի դարձնէ բոլորին:
Ապա, Սրբազան հայրը, Տիկ. Նորա Ապաճեանը, քոլէճի Խնամակալութեան ատենապետն ու Տնօրէնը կատարեցին գրադարանի բացումը:
Ներկաները այցելեցին գրադարանը եւ ծանօթացան անոր բաժանմունքներուն:
Երեկոն վերջ գտաւ հիւրասիրութեամբ: