Թարգմանչաց Տօնակատարութիւն

View Photos [ssba]
Print Friendly, PDF & Email

Թարգմանչաց Տօնակատարութիւն
Հայերէն գիրերու գիւտին եւ Թարգմանչաց տօնին առիթով՝ աշակերտական պատշաճ ու կոկիկ ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 11 Հոկտեմբերին, վարժարանի սրահին մէջ։
Բացման խօսքը արտասանեց ԺԲ. դասարանի աշակերտուհի Նաթալի Մարտիրոսեան, որ շեշտեց պատմական կարեւորութիւնը սեփական գիրեր ունենալու։ Ան նշեց նաեւ, որ այսօր աւելի քան երբեք կը զգացուի այս գիւտին կարեւորութիւնը՝ հայապահպանման համար մղուող պայքարին մէջ։
Ապա յաջորդաբար դաշնակի եւ շուիի վրայ նուագներ ներկայացուցին Բալիկ Գարատաղլեան եւ Յովիկ Ադամեան (ԺԲ.)։ Իսկ Ժ. դասասրանէն Աւօ Մարտիրոսեան եւ Շահէն Արապօղլեան գեղեցիկ մեկնաբանութեամբ մը ասմունքեցին Սիամանթոյի «Գիւտին Փառքը»։
Յայտագրին ընթացքին յայտարարուեցան արդիւնքները դասարանային տարբեր մակարդակներու վրայ կազմակերպուած թարգմանական մրցումներու։ Է.-Ը. դասարաններէն առաջին հանդիսացաւ Ճէֆրի Ժումժեան, Թ.-Ժ. դասարաններէն՝ Արամ Սահակեան, իսկ ԺԱ.-ԺԲ. դասարաններէն՝ Լարա Գանթարճեան։ Երեք մրցանակակիրները ստացան նուէրներ։
Յայտագրին վերջին բաժինը յատկացուած էր կլոր սեղանի մը, որուն զեկուցաբերներէն Տէր Սարգիս Քհն. Սարգիսեան, որ խօսեցաւ Ազգային Եկեղեցւոյ անհրաժեշտութեան եւ դերակատարութեան քրիստոնէութեան մուտքէն ետք։ Տիկին Անի Բագրատունի ներկայացուց սեփական գիրեր ունենալու հրամայականը մեր պատմութեան այնպիսի հանգրուանի մը, ուր հայ ժողովուրդի գոյութիւնը հարցականի տակ էր։ Իսկ երրորդ զեկուցաբերը՝ Պրն Կարօ Յովհաննէսեան շեշտեց, որ այս օրերուս հայապահպանման գլխաւոր զէնքը մեր լեզուի պահպանումն է։ Ան տուաւ օրինակներ արհեստագիտականացած դարուն մէջ մայրենի լեզուն գործածելու եւ պահպանելու։
Սրահէն դուրս գալու պահուն, աշակերտներուն բաշխուեցան այե առիթով պատրաստուած փոքր տետրակներ։


Categories: