Թարգմանչաց Տօն
Հինգշաբթի, 18 Հոկտեմբեր 2013-ին, Քոլէճի Նախակրթարանը պատշաճ կերպով նշեց Թարգմանչաց Տօնը:
Արդարեւ, աշակերտները հանդէս եկան հայերէն լեզուի փառքը հիւսող ասմունքներով ու երգերով:
Զ. դասարանը ներկայացուց թատրոն մը, որուն ընդմէջէն աշակերտները ծանօթացան Հայ Գիրերու Գիւտի զանազան հանգրուաններուն եւ Մեսրոպ Մաշտոցի ու Սահակ Պարթեւի կատարած անզուգական աշխատանքին:
Օրուան խորհուրդը փոխանցեց Քոլէճի հայերէն լեզուի համադրող՝ օրդ. Թալին Օրտողլեանը: Ան փոքրիկներուն հասկնալի ոճով ու օրինակներով բացատրեց «Թարգմանչաց» բառին իմաստը եւ սեփական գիր ունենալու ու զայն պահպանելու անհրաժեշտութիւնը:
Ձեռնարկի աւարտին, աշակերտները ստացան այս առիթով պատրաստուած իւրայատուկ տետրակներ: