Թարգմանչաց

View Photos [ssba]
Print Friendly, PDF & Email

Թարգմանչաց Տօնակատարութիւն
Ուրբաթ, 7 Հոկտեմբերին հայաշունչ ոգի եւ մթնոլորտ կը տիրէր Ազգ. Ե. Մանուկեան Քոլէճէն ներս՝ Թարգմանչաց Տօնին առիթով։
Նախակրթարանի աշակերտները  կազմակերպեցին ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին աշակերտները երգեցին եւ արտասանեցին օրուան մթնոլորտը փոխանցող երգեր եւ բանաստեղծութիւններ։ Իսկ օրուան պատգամը փոխանցեց հայերէնի դասատուներէն Տիկին Թամար Ստեփանեանը։ Աշակերտները իրենց կուրծքերուն վրայ կը կրէին ձեռային աշխատանքներ, ուր կը կարդացուէր «Ես հայ եմ, ես հայերէն կը խօսիմ» գրութիւնը։
Միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտները իրենց կարգին հաւաքուեցան սրահ, ուր բացման խօսքը կատարեց ԺԲ. կարգի աշակերտուհի Հերա Գանթարճեան, որմէ ետք ասմունքեց Է. դասարանէն Վիքի Փանոսեան։ Օրուան պատգամը փոխանցեց Տէր Սարգիս քահանայ Սարգիսեան, որ ներկայացուց գիրերու գիւտին պատմականն ու թարգմանիչներուն տարած յոյժ կարեւոր աշխատանքը։ Ան շեշտը դրաւ հայ լեզուի եւ հայ արժէքներու պահպանման անհրաժեշտութեան վրայ։
Աշակերտները ապա դիտեցին առիթին պատշաճ վաւերագրական ժապաւէն մ:
Վերջին բաժինով խօսք առաւ Քոլէճի տնօրէն Պրն. Զօհրապ Ղազարեան, որ իր կարգին, բարձր գնահատեց թարգմանիչները եւ անոնց տարած աշխատանքը։


Categories: