Է. դասարան/Գարակէօզեան

View Photos [ssba]
Print Friendly, PDF & Email

Է. Դասարանը Կ’այցելէ Գարակէօզեան Հաստատութիւնը
Քանի մը տարիէ ի վեր Է. դասասրանի աշակերտներուն համար սովորութիւն դարձած է այցելել Գարակէօզեան հաստատութիւնը։
Կրօնի ուսուցչուհիին եւ ընկերային ծառայութեան գրասենեակի պատասխանատուին հսկողութեամբ եւ հովանաւորութեամբ՝ աշակերտները կը ձեռնարկեն մարդասիրական եւ բարեսիրական բնոյթի աշխատանքի։ Անոնցմէ իւրաքանչիւրը դպրոց բերաւ փոքր նուէրներ, որոնք Հինգշաբթի օր տարուեցան Գարակէօզեան Հիմնարկ։ Աշակերտները հոն ծանօթացան հաստատութեան աշխատանքին եւ առաքելութեան։
Անոնք յանձնեցին իրենց նուէրները եւ իրենց կարգին ստացան յիշատակի փոքր նուէրներ։


Categories: