Էդիկ Մինասեան Եւ Մհեր Յովհաննիսեան

View Photos [ssba]

Մեր Հիւրերէն
Ուրբաթ, 15 Նոյեմբերին, վարժարան այցելեցին Երեւանի պետական համալսարանի պատմութեան բաժանմունքի վարիչ, պատմութեան գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆեսէօր Էդիկ Մինասեան եւ Երեւանի պետական համալսարանի հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկի փոխ տնօրէն Մհեր Յովհաննիսեան:

      Հիւրերը հանդիպում ունեցան հայագիտական նիւթեր դասաւանդող ուսուցիչներուն, ինչպէս նաեւ՝ ԺԲ. դասարանի աշակերտներուն հետ: Շահեկան այս հանդիպումին, Յովհաննիսեան ներկայացուց Երեւանի պետական համալսարանի հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկին կողմէ պատրաստուած մասնագիկական կայքէջը, որ հայագիտական նիւթերու անսահման աղբիւրներ կը բանայ այդ նիւթերը դասաւանդող ուսուցիչներուն դիմաց:


Categories: