Զօրանոց Այցելութիւն
Ազգ. Ե. Մանուկեան Քոլէճի աշակերտութիւնը Լիբանանի Անկախութեան տարեդարձը նշեց իւրայատուկ կերպով` ամբողջ դպրոցական օր մը անցընելով Ղոսթայի զօրանոցին մէջ, բանակի «մուժաուքալ» ջոկատին հետ:
Արդարեւ, Քոլէճի նախակրթարանի, միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտները՝ իրենց դասատուներուն ընկերակցութեամբ, Ուրբաթ, 16 Նոյեմբերի առաւօտուն ուղղուեցան Լիբանանեան բանակի «Ղոսթա»-ի բանակատեղին, ուր դիմաւորուեցան բանակի սպաներուն եւ հրամանատարներուն կողմէ:
Քոլէճի անունով երկրորդական բաժնէն 2 աշակերտներ ծաղկեպսակ զետեղեցին բանակի նահատակներուն նուիրուած յուշաքարին առջեւ,որմէ ետք Պալիկ Փանոսեան արաբերէն լեզուով կարդաց բանակին ուղղուած խօսքը, ուր ան կը դրուատէր բանակի կատարած զոհողութիւնները՝ ի խնդիր Լիբանանի անկախութեան ու նորանոր յաղթանակներ ու վերելք կը մաղթէր անոր:
Ապա, կիրարկուեցաւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը: Երկրորդականի աշակերտուհի՝ Լոռի Զէքեան մեկնաբանեց «Պի սապահ էլ էլֆ ա՛թթալէթ» երգը, որմէ ետք յաջորդաբար հանդէս եկան Քոլէճի մեծ ու փոքր աղջիկներու եւ միջակ- երկսեռ խումբերը, ներկայացնելով արաբական արտայայտչական ու «տապքէ» պարեր, արժանանալով ներկաներու գնահատանքին:
Աշակերտական ներկայացումէն ետք, ջոկատի զինուորները ներկայացուցին մարտական խաղեր ու մարզումներ: Անոնք պարաններով շէնքերէ էջք կատարեցին, մագլցեցան, քալեցին պարաններու վրայ, ու մինչեւ իսկ … օձ կերան, զարմացնելով ներկայ աշակերտները:
Հրամանատար Ժորժ Նատէր, իր գրասենեակին մէջ ստանձնեց Քոլէճի տնօրէն՝ Պրն. Զօհրապ Ղազարեանի կողմէ իրեն յանձնուած յուշանուէրը, որմէ ետք անոնք միասնաբար հատեցին Քոլէճի կողմէ տրամադրուած՝ Լիբանանեան դրօշակը պատկերող, կարկանդակը:
Յայտագրի աւարտին, բանակատեղիի զինուորական ջոկատը ծոթրինով հաց ու պտուղի հիւթ հիւրասիրեց ներկայ աշակերտներուն, որոնք նախաճաշելէ ետք, բանակի փոխադրակառքերով շրջեցան զօրանոցին մէջ:
Հաճելի ու հետաքրքրական օրուան աւարտին, աշակերտները դպրոց վերադարձան ուրախ տրամադրութեամբ ու դրական տպաւորութիւններով: