Դէպի Յաւերժական Մայրիները

View Photos [ssba]
Print Friendly, PDF & Email

Միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտները հաճելի, հետաքրքրական եւ դաստիարակիչ օր մը անցուցին Ուրբաթ, 6 Յունինսին այցելելով հիւսիսի Պշարրէ, Արզ եւ Քատիշա գեղատեսիլ շրջանները։

Առաւօտ կանուխ աշակերտ-ուսուցիչ կազմ ու պատրաստ բարձրացան հանգստաւէտ հանրաշարժերը եւ ուղղուեցան հիւսիս։ Երկու ժամ ետք հասան Պշարրէ, ուր այցելեցին միջազգային հռչակ վայելող լիբանանցի գրագէտ Ժպրան Խալիլ Ժպրանի թանգարանը։ Անոնք ծանօթացան ժպրանի եւ անոր գործերուն։

Երկրորդ կայանը մայրիներու անտառն էր Արզի մէջ։ Բոլորը հիացած քալեցին բնութեան հրաշալիքը նկատուող այս պուրակին մէջ, տեսան յաւերժական մայրիները եւ նկարուեցան անոնց շուքին ներքեւ։ Ապա հասաւ ճաշի պահը։

Ճաշէն ետք աշակերտներէն խմբակ մը եւ քանի մը ուսուցիչներ ուղղուեցան աւելի բարձր գտնուող շրջան մը, ուր ցանուած են փոքր մայրիներ։ Անոնք վարժարանին անունով տնկեցին մայրի մը ու ստացան դպրոցին անունով գնահատագիր մը։

Վերջին կայանը Քատիշայի քարայրն էր. բոլորը առիթը ունեցան մտնելու եւ հմայուելու բնութեան մէկ այլ հրաշալիքով։
Թէեւ յոգնած՝ բայց չափազանց ուրախ եւ գոհ ամէն մարդ բարձրացաւ հանրաշարժերը՝ այս անգամ բռնելու վերադարձի ճամբան…


Categories: