Կրկէս
Փոթորիկին ու կլիմայական աննպաստ պայմաններուն պատճառով երկու անգամ յետաձգուելէ ետք, վերջապէս հասաւ «Մոնտիալ Սիրքըս» կրկէս երթալու օրը։
Երեքշաբթի, Մարտ 13ին, Ազգ. Սիրան Մանուկեան Մանկապարտէզի Բողբոջ, Կոկոն եւ Ծաղիկ դասարաններու աշակերտները փոխադրակառքերով ուղղուեցան վերոյիշեալ կրկէսին վայրը ու իրենց աթոռները գրաւելէ ետք, ուրախութեամբ ականատես եղան ներկայացումին մասնակցող անհատներուն ու անասուններուն ելոյթին։ Անոնք ոչ միայն զուարճացան դիտելով շուներուն, ձիերուն, վագրերուն եւ խամաճիկներուն ըրածները, այլեւ՝ ապշահար մնացին հաստ եւ երկար օձերով պարողներուն, լարախաղացներուն եւ աճպարարներուն կատարելագործումներուն։
Գեղեցիկ տպաւորութիւններով փոքրիկները դպրոց վերադարձան։
Իրենց կեդրոնական նիւթը՝ «Անտառը եւ վայրի անասունները», ամբողջացնելէ ետք՝ փոքրիկները այցելեցին կրկէսը եւ դպրոցի սրահին մէջ դիտեցին այդ նիւթին մասին Փաուըրփոյնթ ներկայացում մը, որուն նկարները կարելի է գտնել photo galleryին մէջ։
Դէպի Կրկէս
Categories: School News