Դասախօսութիւն

View Photos [ssba]
Print Friendly, PDF & Email

Դասախօսութիւն՝
«Դասի Առողջ Մթնոլորտ»
Ազգ. Ե. Մանուկեան Քոլէճի ընկերային ծառայութեան գրասենեակին կազմակերպութեամբ՝ «Ինչպէ՞ս Ապահովել Դպրոցական Յաջողութիւն եւ Դասի Առողջ Մթնոլորտ» նիւթով դասախօսութիւն մը տեղի ունեցաւ «Սիրան Մանուկեան» սրահէն ներս։
Դասախօսութիւնը ներկայացուց մանկավարժ եւ հոգեբան Օրդ. Ռիթա Փարմագսըզեան։ Ներկայ էին նիւթով հետաքրքրուած ծնողներ։
Դասախօսը նախ խօսեցաւ հայ վարժարանին եւ հայ ուսուցիչին տարած աշխատանքին կարեւորութեան մասին, ապա՝ անդրադարձաւ ծնողներուն տանելիք դերին մասին՝ տունէն ներս, որպէսզի դաս սորվելու առողջ մթնոլորտ ստեղծեն իրենց զաւակներուն համար։
Շահեկան այս դասախօսութեան աւարտին, ներկաները առիթ ունեցան ուղղելու իրենց հարցումները եւ լուսաբանութիւններ ստանալու։


Categories: