Գարնանային Պտոյտ

View Photos [ssba]
Print Friendly, PDF & Email

Գարնանային Պտոյտ
      Քոլէճի Տիկնանց Յանձնախումբը տարիներէ ի վեր գեղեցիկ սովորութիւնը ունի Համբարձման տօնին առիթով դաշտագնացութիւն կազմակերպելու դէպիԼիբանանի տեսարժան այլազան վայրեր։
Այս տարուան պտոյտը դէպի հիւսիսային Լիբանան էր։ Առաւօպտեան ժամը 8։00ին, երկու հանրաշարժեր ճամբայ ելան վարժարանի շրջափակէն։ Առաջին կայանը նախաճաշի համար էր. Տիկնանց յանձնախումբը  ծոթրինով հացով (մանաքիշ) հիւրասիրեց բոլորը։
Հիւսիսային Լիբանանի առաջին կայանը եղաւ Մըզիարա գիւղը, ուր կայ նաեւ Աստուածամօր նուիրուած յատուկ սրբատեղի մը։ Գրեթէ մէկ ժամուան ընթացքին ծնողներ, ուսուցիչներ եւ բարեկամներ շրջեցան Աւետարանէն առնուած տեսարաններու մէջ, այցելեցին մատուռը, ինչպէս նաեւ բարձրացան Աստուածամօր «աշտարակը»։ Մըզիարայի մէջ նաեւ տեղի ունեցաւ սուրճի հիւրասիրութիւնը։
Երկրորդ վայրը Պնըշհիի արուեստական լիճն էր, ուր այցելուները կարճ դադար մը առին եւ վայելեցին գեղեցիկ տեսարանը։
Երրորդ այցելութիւը լեռն ի վեր դէպի Այթօ գիւղը, ուր կը գտնուի Մար Սըմաան վանքը՝ ուր Ս. ՌաՖքա անցուցած է մայրապետութեան իր առաջին տարիները։
Ապա, հանրաշարժերը ուղղուերան աւելի վեր՝ Լիբանանի գրեթէ ամենաբարձր շրջանը՝ Պշարրի՝ անցնելով բնութեան հրաշալիքներ նկատուող ձորերէ եւ լեռներէ։
Խումբը հասաւ Պքահ ՔաՖրա, որ Լիբանանի բնակուած ամենաբարձր աւանը կը նկատուի։ Պքահ Քաֆրան ծննդավայրն է Ս. Շարպէլին։ Այցելուները պտտեցան անոր տուն-թանգարանին մէջ, ինչպէս նաեւ այցելեցին մօտակայ եկեղեցին։
Արդէն ժամը եղած էր 3 եւ ամէն մարդ «սոված» էր։ Հասան Պշարրիի մէ ճաշարանը, ուր սեղանները պատրաստ կը սպասէին… Կերուխում, հաճելի ժամանց, Համբարձման վիճակ, վիճակահանութիւն, օրուան յատուկ անակնկալներ… եւ ահա հասաւ վերադարձի ժամը դէպի տուն։
Դժուար էր ձգել գեղեցիկ տեսարանները եւ մանաւանդ մաքուր եւ անապականած բնութիւնը, սակայն պէտք էր վերադառնալ՝ ուրիշ առիթով անպայման վերադառնալու խոստումով…


Categories: