Բ. Դասարան/ուղղագրութիւն

[ssba]
Print Friendly, PDF & Email

Ուղղագրութեան Մրցում
Հայերէնի դասապահերուն ընթացքին բաւական մեծ թիւով բառերու ուղղագրութիւնը սորվելէ եւ քանի մը ուղղագրական կանոններ իւրացնելէ ետք՝ Բ. դասարաններու աշակերտները ուղղագրական ներքին մրցում մը ունեցան Երեքշաբթի, 13 Դեկտեմբերին, վարժարանին սրահէն ներս։
Աշակերտները լրջութեամբ ուղղուեցան սրահ, ուր ուսուցչուհին թելադրեց պատրաստուած ուղղագրութիւնը։ Անոնք մեծ ուրախութեամբ աւարտեցին աշխատանքը, որուն արդիւնքին լոյսին տակ նուէրներ պիտի ստանան անսխալ գրողները:


Categories: