Բաց Դռներ

[ssba]
Print Friendly, PDF & Email

ԲԱՑ ԴՌՆԵՐ
Ազգ. Սիրան Մանուկեան Մանկապարտէզի Բողբոջ, Կոկոն եւ Ծաղիկ դասարաններու փոքրիկներուն համար Չորեքշաբթի, 30 Նոյեմբեր եւ Հինգշաբթի, 1 Դեկտեմբեր 2011ը յատուկ եւ հարազատ զգացումներով լեցուն օրեր եղան, որովհետեւ այդ երկու օրերուն ընթացքին տեղի ունեցաւ «Բաց Դռներ» ծրագիրը (open house)։
Վերոյիշեալ դասարաններու փոքրիկներուն մայրերը, ինչպէս նաեւ՝ քանի մը հայրեր, առաւօտեան ժամը 8ին ներկայ գտնուեցան հաւաքական երգին։ Փոքրիկները «Առաւօտ Լուսոյ»ն երգելէ եւ «Մանուկներու Տասնաբանեան» աղօթելէ ետք, իրենց ծնողներուն հրամցուցին Նոյեմբեր ամսուան ընթացքին սորված փունջ մը երգեր՝ խանդավառ եւ հաճելի մթնոլորտ մը ստեղծելով։
Հաւաքական երգէն ետք, փոքրիկները իրենց նախաճաշը ըրին իրենց մայրերուն ներկայութեան եւ հայերէն լեզուի դասը ընելէ ետք, իրենց ծնողներուն հետ բարձրացան անգլերէնի եւ արաբերէնի յատուկ դասարանները։
Ծնողները գոհունակ սրտով մեկնեցան դպրոցէն՝ դիտելէ ետք իրենց զաւակներուն խաղը խաղավայրին մէջ։
Բոլորին՝ աշակերտ, ուսուցիչ թէ ծնողք, դէմքերուն վրայ  ուրախութիւնը եւ բարձր տրամադրութիւնը կ՛արտացոլար։ Ահա թէ ինչու՞ «Բաց Դռներ» յայտարարուած երկու օրերը յատուկ եւ հարազատ զգացումներով լի օրեր էին։‏


Categories: