Բարեկենդան

View Photos [ssba]
Print Friendly, PDF & Email

Մանուկներու Բարեկենդան
     Քանի մը տարիէ մը ի վեր սովորութիւն դարձած է, որ վարժարանի Տիկնանց Յանձնախումբը մանուկներու բարեկենդանի ձեռնարկ մը կազմակերպէ։
Շաբաթ, 25 Փետրուարին «Սիրան Մանուկեան» սրահը հաւաքուած էին գունագեղ տարազներով եւ դիմակներով զարդարուած փոքրիկներ, որոնք ամէն ճիգ ի գործ դրած էին կարելի եղած չափով անճանաչելի դառնալու։
Հանդէսը վարեց Տիկին Լենա Արապօղլեան։ Փոքրիկներու այցելեց նաեւ աճպարարը, որ իր հնարքներով ապշեցուց երեխաները։
Աւելի ուշ, դատական կազմը ընտրեց լաւագոյն ծպտուողները՝ նուէրներ տալով անոնց։
Սրահին մէջ ցուցադրուեցան խամաճիկներ, որոնք անցնող շաբթուան ընթացքին պատրաստուած էին նախակրթարանի աշակերտներուն կողմէ՝ իրենց դաստիարակներու օժանդակութեամբ։


Categories: