Սննդարար Ուտեստեղէն
Ա. դասարանի աշակերտները գիտութեան դասերուն ընդմէջէն աւելի մօտէն ծանօթացան օգտակար ուտալիքներու եւ այլազան սննդանիւթերու մասին։ Զանազան աշխատանքներէ ետք, անոնք պատրաստեցին բացիկներ, ուր նշեցին սննդարար ուտելիքներու կարեւորութիւնը եւ նկարներ փակցուցին։
Այլ պահու մը ընթացքին, անոնք ծանօթացան հինգ զգայարաններուն եւ հաճելի խաղերու ճանմբով ամրապնդեցին իրենց գիտելիքները։