Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան Քոլէճի Շրջանաւարտներու 29-րդ Հունձքը
Կիրակի, 4 Յուլիս 2015-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Քոլէճի Սիրան Մանուկեան հանդիսասրահին մէջ կայացաւ Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան Քոլէճի ամավերջի հանդէսը, հովանաւորութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ, Գերաշնորհ Տէր Շահէ Եպս. Փանոսեանի, ներկայութեամբ Ուսումնական խորհուրդի անդամներուն, խնամակալութեան, ուսուցիչներուն, Տիկնանց յանձնախումբի տիկիններուն, Շրջանաւարտից միութեան, աւարտական դասարանի ծնողներուն եւ մեծաթիւ ներկաներու:
Հանդէսի բացումը կատարուեցաւ Լիբանանի, Հայաստանի ու Քոլէճի քայլերգներով:
Ապա շրջանաւարտները ներկայացուցին «Ցորենի Հատիկ» կեդանի պատկերը, որ բանաստեղծութիւններու, խօսքերու եւ պատկերներու ընդմէջէն կը ներկայացնէր այն ափ մը ցորենի ոդիսականը, որ նախ որպէս օրհնութիւն թափած էր տան անդամներուն գլխուն եւ ապա ցեղասպանութենէն ազատած ընտանիքի մանուկին համար անոր հատիկները դարձած էին գոյատեւելու միջոց: Յղացում, համադրում եւ իրագործում՝ Տիհ. Անի Բագրատունիի:
Յետոյ տեղի ունեցաւ շրջանաւարտներու դպրոցական կեանքի զանազան հանգրուանները ներկայացնող տեսերիզի ցուցադրութիւնը:
Ապա, աւարտական դասարանի աշակերտները սրահէն բարձրացան բեմ ու երգեցին «Վերջին Զանգ» խմբերգը:
ԺԱ. կարգի հրաժեշտի խօսքը ընթերցեց Քրիստ Իսկէնտէրեան: Ան նշեց, թէ շրջանաւարտներէն իւրաքանչիւրը յիշատակ մը ձգած է ու իր ձիրքով բնաւորութեամբ կամ աշխատանքով տպաւորած՝ իրմէ կրտսեր սերունդները: Նաեւ, որպէս 100 ամեակի սերունդ՝ իր ստանցնած «հայ մշակոյթի պահապան սերունդ» կոչումին հաւատարիմ, շրջանաւատները քոլէճէն ներս ստեղծած են հայաշունչ մթնոլորտ: Ապա, քոլէճի աշակերտութեան անունով ան մաղթեց, որ շրջանաւարտները աննկուն կամքով ու հզօր հաւատքով կարենան իրականացնել իրենց երազները ու իրենց յաջողութիւններով պարծանք դառնան, թէ՛ իրենց ընտանիքներուն, թէ՛ քոլէճին եւ թէ՛ հայ ժողովուրդի մէկ ու կէս միլիոն նահատակներուն:
Վանայ Արսլանեան ներկայացուց արաբերէն ուղերձը: Ան յիշեց, թէ 12 տարիներ առաջ, ինք ու իր դասընկերները նոյն բեմին վրայ կանգնած, ստացած են իրենց կեանքի առաջին վկայականը, անգիտակից անոր անհրաժեշտութեան, իսկ այս անգամ այս վկայականը կը ստանան որպէս գիտութեամբ եւ սկզբունքներով զինուած երիտասարդներ, ինքնավստահ ու պատրաստ յաղթահարելու խոչընդոտները:
Ան հաստատեց, թէ քոլէճը միայն դպրոց չէր այլ նաեւ հարազատ տուն, որ արմատաւորուած է իրենց մէջ յաջողութեան սերմերը եւ հայեցի դաստիարակութիւնը եւ ուր անցուցած են իրենց կեանքի հաճելի պահերը, իսկ վկայուելէ ետք պիտի միանան քոլէճի շրջանաւարտներու փաղանքին, որոնք միշտ ալ փայլած են, թէ համալսարանական կեանքին եւ թէ գործի ասպարէզներուն մէջ:
Ան, իր եւ իր դասընկերներուն կողմէ խոստացաւ հաւատարիմ մնալ « կը յիշենք ու կը պահանջենք» կարգախօսին, իբրեւ հարազատ զաւակները այն ազգին, որ տկարութիւն ու յուսահատութիւն չի ճանչնար:
Ան իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց ուսուցիչներուն, որոնք օգնած են ձեւաւորելու իրենց ապագան եւ ծնողներուն, իրենց անսահման սիրոյն ու աջակցութեան համար ու դասընկերներուն մաղթեց յաջողութիւն:
Անգլերէն ուղերձը ընթերցեց Մեղրի Գէորգեան : Ան յիշեց 2000 թուականը երբ ինք ու իր դասընկերները ոտք կոխեցին քոլէճի Սիրան Մանուկեան մանկապարտէզի սեմէն ներս, մինչ այժմ, պիտի բաժնուին այդ սիրելի կառոյցէն ու պիտի դառնան շրջանաւարտներ:
Ան եւս իր երախտագիտութիւնը յայտնեց ուսուցիչներէուն եւ ծնողներուն, որոնց զոհողութիւններով ու օժանդակութեամբ կարելի եղաւ հասնիլ աւարտական հանգրուանին ու հաստատեց, որ որպէս 100 ամեակի սերունդ, պիտի ըլլան պաշտպանը հայ դատին ու պահանջատէրը նահատակներու կտակին:
Հայերէն ուղերձով՝ Լարա Գանթարճեան, որ հպարտութեամբ հաստատեց, թէ ինք ու իր սերընդակիցները բախտաւոր են, որովհետեւ ստացած են 100ամեակի վկայականը. Առ այդ, բոլորին կողմէ խոստացաւ կառչած մնալ հայկական արմատներուն, պահպանել հայկական մշակոյթն ու աւանդութիւնները, կազմել հայ ընտանիք ու անդադար խօսիլ հայերէն:
Ան նշեց նաեւ, թէ բախտաւորութիւնը կրկնակի էր, որովհետեւ տարեշրջանը կը ներկայացնէր քոլէճի 30 ամեակը եւ շեշտեց, որ քոլէճի յաջորդական սերունդները միշտ ալ հաւատարիմ մնացած են անոր՝ «Հաւատք, Կամք, Նուիրում» նշանաբանին ու աւելցուց.-«Մեզի համար Ազգ. Ե. Մանուկեան քոլէճը ամո՛ւր յենարան է, սքանչելի՛ տուն է, անվտանգ ապաստան է… ան հա՛յ ընտանիքն է»:
Ապա իր խօսքը ուղեց իր դասընկերներուն, որպէսզի միանան քոլէճի շրջանաւարտից միութեան ու հաստատ քայլերով յառաջանան դէպի ապագայ, առանց մոռնալու քոլէճի ջամբած հայեցի դաստիարակութիւնը ու աւելցուց, թէ իր ընտանիքը ծնողքն ու քոյրը եւս այդ քոլէճի շրջանաւարտներն են ու չորս անդամէ բաղկացած իր ընտանիքը փոքրիկ պատկերն է քոլէճի մեծ ընտանիքին:
Օրուան պատգամը փոխանցեց Հայկազեան Համալսարանի նախագահ, Վեր. Դոկտ. Փօլ Հայտոսթեան, որ Սէր եւ Կարգապահութիւն բառերու մէջ խտացուց կրթութեան եւ մանկավարժութեան գաղտնիքը ու հաստատեց, թէ Սէրն է որ կը մղէ մտածելու, խորանալու, հարցելը նուաճելու: Ան աշակերտները յորդորեց իրենց սէրը չշեղել իրենց սկզբունքներէն ու արժանիքներէն, նշելով թէ սէրը կը ներառէ Աստուծոյ սէրը, Ազգին սէրը եւ ծնողական սէրը: Ապա ան անդրադարձաւ կարգապահութեան անհրաժեշտութեան դիտել տալով, որ աշխարհ, ժողովուրդներ, կուսակցութիւններ, ընտանիքներ, ակումբներ, կամ դպրոցներ կը ձախողին, երբ կարգապահ չեն ըլլար. Ու աւելցուց.- « Կարողութիւնը կը տպաւորէ, սրամտութիւնը մեր ուշադրութիւնը կըգրաւէ, անունները մեզ կրնան ներշնչել, բայց առանց կարգապահութեան կը վատնուի ամէն բան: Կարողները չեն, կարողութիւնը կարգապահութեամբ օգտագործողներն են, որ վկայականներու եւ շքանշաններու կը տիրանան»:
Իր խօսքի աւարտին, ան յորդորեց աշակերտներուն, որ այս երկու արժանիքները պահեն իրենց սրտին մէջ եւ օրինակով սորվեցնեն:
Ապա, խօսք առաւ քոլէճի տնօրէն՝ Պրն. Զօհրապ Ղազարեանը: Ան ողջունելէ ետք ներկաները ըսաւ, իր խօսքը շրջանաւարտներուն ուղելով ըսաւ, որ որպէս 100 ամեակի սերունդ, դէպի յաղթանակ կարգախօսը դարձնելով իրենց կեանքի նշանաբանը նետուին ասպարէզ, հայ դատը հասցնելու նոր մակարդակներու:
Ան անդրադարձաւ նաեւ քոլէճի 30 ամեակին ու ըսաւ «Դո՛ւք այսօր, 30 տարիներէ փոխանցուա այն ջահը, աւանդը, որ ստանձնեցիք ձեր նախորդներէն, կը յանձնէք ձեր յաջորդներուն, որոնք նոյնպէս պարտաւոր են այդ նոյն ջահը, նոյն աւանդները անխվափան պահել եւ փոխանցել յաջորդ սերունդներուն»:
Ապա, ան շրջանաւարտներուն թելադրեց ըլլալ՝ ՄԱՐԴ, այն պատկերով, զոր Աստուած ստեղծեց եւ երախտապարտ, բոլոր անոնց նկատմամբ, որ օգնեցին իրենց բարձրացման. Սիրել զոյգ հայրենիքներն ու հպարտ ըլլալ հայութեամբ. Առաջնահերթ նկատել ծառայել հայրենիքին ու հայ ժողովուրդին. Ըլլալ երախտապարտ վարժարանին նկատմամբ ու ծնողներուն հանդէպ
Իր խօսքի աւարտին, տնօրէնը շնորհակալութիւն յայտնեց Սրբազան Հօր, Ուսումնական խորհուրդին, ուսուցչական կազմին, խնամակալութեան ու տիկնանց յանձնախումբի տիկիններուն, ծնողներուն, Լ.Օ.Խ-ին, Ճիւնիի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ թաղականութեան ու բոլոր բարերարներուն եւ կրթական ֆոնտերուն, որոնց միացեալ ջանքերուն եւ համագործակցութեան շնորհիւ կարելի եղաւ իրագործել այս տարուան յաջողութիւնները, ինչպէս նաեւ, յատուկ շնորհակալութիւն այն բոլոր ուսուցիչներուն, որոնք պատրաստեցին ամացերջի հանդէսը:
Ապա, ան խնդրեց շրջանաւարտներու ծնողներէն, ոտքի կանգնիլ եւ որպէս երախտագիտութեան արտայայտութիւն իրենց զաւակներուն կողմէ ստանալ իրենց տրուած ծաղիկները:
Ապա բեմ բարձրացաւ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Շահէ Եպս. Փանոսեան, որ խօսք առնելով յայտնեց որ ներկայ գտնուած է Ազգ. Ե. Մանուկեան քոլէճի այս տարեշրջանի երկու կարեւոր հանգրուաններուն.- Վերամուտին ու տարեփակի հանդիսութեան, գոհունակութեամբ հաստատելով, թէ այս առատ հունձքը անակնկալ մը չէ, այլ համատեղ աշխատանքի արդիւնքը ու աւելցուց.-« Վարձքը կատար բոլոր անոնց որուք ամէն հասկացողութեամբ եղան ու կը շարունակեն մնալ մեր վարժարաններու կողքին, հաւատալով. որ մեր վարժարանները մեր գոյութեան հիմերը ամրացնող կառոյցներ են, եւ առանց ժողովուրդին հաւատքին , սիրոյն եւ աջակցութեան հայ վարժարանները չեն կրնար կանգուն մնալ եւ առանց նուիրեալներու աշխատանքին, արդիւնք չեն կրնար ունենալ»:
Ապա Առաջնորդ Սրբազանը նշեց, թէ այս տարին յատկանշական տարի էր բոլորին համար. 100 ամեակի եւ քոլէճի քոլէճի 30 ամեակի նշեցինք խանդավառ մթնոլորտի մէջ, ապագային աւելի մեծ իրագործումներու հասնելու յոյսով:
Ապա, իբրեւ հայրական խօսք ու կեանքի համոզում թելադրեց որ պահեն այն հաւատարմութիւնը որ հայ ժողովուրդը ունեցաւ իր ինքնութեան ու ազգային արժէքներուն նկատմամբ. ցանկալով որ շրջանաւարտները նուաճեն բարձունքներ սակայն մնան հաւատարիմ իրենց ինքնութեան, որպէսզի ազգին իղձերն ու նահատակներուն կտակը հասնի իր աւարտին եւ հայ ժողովուրդը տեսնէ այն ցանկալի օրը:
Առաջնորդ Սրբազան Հօր ու Քոլէճի տնօրէնին ձեռամբ վկայական ստացան.-
Կենսաբանագիտական Բաժանմունքէն
Վանայ Արսլանեան, Մեղրի Գէորգեան, Համբիկ
Մազագեան, Վարդան Սարգիսեան, Սիմոն Տէրտէրեան:
Ընկերատնտեսագիտական բաժանմունքէն
Մարիա Ադամեան, Նարին Ադամեան, Միրէյ Արուսեան, Սեւակ Բարիքեան, Արազ Գազանճեան, Յակոբ Գալուստեան, Լարա Գանթարճեան, Մարիա Գարասարգիսեան, Մարիա Գրմըզեան, Լութֆիկ Զիննէթեան, Սանտրա Լալէեան, Մկրտիչ Խորշիտեան, ՍեպուհՀամամճեան, Սեւակ Ղազարեան, Հրակ Ճիհանշահեան, Յակոբ Ոսկերիչեան, Քրիստին Պարտաքճեան, Կասիա Պոյաճեան, Նանսի Սահակեան, Լոռի Վարդանեան, Մարիա Տէմիրճեան, Գրիգոր Քէօֆթէեան:
Ընդհանուր Գիտութեան բաժանմունքէն
Աշոտ Խտըրլարեան, Արտաւազդ Փալանճեան:
Հանդէսէն ետք ներկաները իրենց շնորհաւորեցին շրջանաւարտները ու քոլէճի փոքր սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն: