Աւանդական Տօնավաճառ

View Photos [ssba]
Print Friendly, PDF & Email

Երեքշաբթի, 6  Դեկտեմբերի  առաւօտեան  ժամը  10:30-ին,  Սիրան  Մանուկեան  սրահին  մէջ  տեղի ունեցաւ  Ազգ.  Ե.  Մանուկեան  Քոլէճի Տիկնանց  Յանձնախումբի  կազմակերպած «Աւանդական  Տօնավաճառ»-ի  բացման  պաշտօնական  հանդիսութիւնը,  նախագահութեամբ՝  Տիկ.  Ալվարդ  Գալօղլեանի:

Տօնավաճառի  բացման  ժապաւէնը  կտրուելէ  ետք,  խօսք  առաւ  Քոլէճի  Տիկնանց  Միութեան  ատենապետուհի՝  Տիկ.  Ծովիկ Գէորգեանը:  Ան    բարի  գալուստ  մաղթեց  ներկաներուն եւ   հաստատեց,  թէ Տիկնանց  միութիւնը այս տարի եւս,   ապաւինելով  դպրոցի  ծնողներուն  ու  բարեկամներուն  բարի  կամքին  ու  աջակցութեան,  փորձած  է    աւանդական  տօնավաճառին  ընդմէջէն,  տօնական  ուրախ   ու  աշխոյժ  մթնոլորտ   ստեղծել  դպրոցէն  ներս:

Ան  շնորհակալութիւն  յայտնեց  Տիկ.  Ալվարդ Գալօղլեանին, որ սիրայօժար ու առանց տատամսելու ընդունած է տօնավաճառի նախագահութիւնը:

Օրուան նախագահը  խօսք առնելով շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն ընծայուած այս առիթին համար,  շեշտելով, թէ ինք Ազգ. Ե. Մանուկեան Քոլէճը կը նկատէ իրեն շատ հարազատ, տրուած ըլլալով, որ  իր կողակիցը՝ Պրն. Րաֆֆի Գալօղլեանը, այս կրթօճախէն շրջանաւարտ է ու իր կեանքի մէջ ունեցած յաջողութեան հիմը դրուած է այնտեղ: Տիկ. Գալօղլեան անդրադարձաւ նաեւ այն գոհունակութեան, որ նուիրողը կը զգայ, մանաւանդ երբ կը նուիրէ սրտանց ու առանց տատամսելու, հաւատալով տարուած աշխատանքին կարեւորութեան:

Քոլէճի  տնօրէն  Պրն.  Զօհրապ  Ղազարեան իր խօսքը սկսաւ անդրադառնալով գիտական աշխարհի մէջ հայկականութեամբ յատկանշուող պտուղներուն, ցոյց տալով տօնավաճառի սեղաններուն վրայ տեղադրուած չոր ծիրանը, որ գիտականօրէն կը կոչուի prunus armeniaca, ու հաստատեց, թէ հայկականը իսկապէս նաեւ պատուական է եւ բոլորիս իրաւունքն  է հպարտանալ մեր հայկականութեամբ ու պարտականութիւնը՝  զայն  ծանօթացնել օտարին: Ապա, տնօրէնը  բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, հաստատելով՝ թէ տօնավաճառին ներկայ կը գտնուին ու իրենց ներդրումը կ՛ունենան քոլէճի մեծ ընտանիքի բոլոր անդամները, իւրաքանչիւրը ի՛ր ձեւով, եւ այս մէկը  յաւելեալ հմայք կու տայ տօնավաճառին ու տօնական մթնոլորտ մթնոլորտ կը  ստեղծէ  քոլէճին մէջ:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց տօնավաճառի նախագահ Տիկ. Սիրվարդ  Գալօղլեանին, տիկնանց յանձնախումբի անդամներուն ու տօնավաճառին մասնակից բոլոր բարեկամներուն:

Ապա,  Քոլէճի  տնօրէնը, Տիկին Գալօղլեանը եւ Տիկնանց յանձնախումբի ատենապետուհին միասնաբար  հատեցին քոլէճի  նշանակը  կրող  ամանորի կարկանդակը:

Տեղի  ունեցաւ  հիւրասիրութիւն,  որուն ընթացքին   նախ մանկապարտէզի բոլոր դասարաններու աշակերտները ներկայացուցին աշնանային երգեր, իսկ  նախակրթարանի   չորրորդ դասարանի աշակերտները հանդէս եկան ամանորի երգերով:

Ապա, ներկաները  առիթը  ունեցան  այցելելու  տօնավաճառի   սեղանները, ուր  ճաշակաւոր  կերպով  տեղադրուած  էին՝   Հայկական  զարդանմոյշներ, գեղանկարներ,   կաղանդի  յատուկ  կողովներ,  ձեռագործներ,  հայկական  գինի,  չոր  մրգեղէն, խաղալիկներ  ու    նուէրի  յարմար  այլազան իրեր:

Տօնավաճառը  բաց  է  ամէն  օր,  ժամը  7:30-էն  3:30,  մինչեւ  Ուրբաթ,  11  Դեկտեմբեր  եւ  իւրաքանչիւր օր, քոլէճի նախակրթարանի կարգերէն աշակերտներ՝ ներկաներուն պիտի հրամցնեն ամանորի ու Ս. Ծննդեան երգեր:


Categories: