Արցախեան Պահանջատիրութիւն

View Photos [ssba]
Print Friendly, PDF & Email

Արցախեան Ազատագրական Պայքարի
25 Ամեակ

Հինգշաբթի եւ Ուրբաթ օրերուն ընթացքին Քոլէճի նախակպթարանի, միջնակարգի ու երկրորդականի աշակերտները նշեցին Արցախեան ազատագրական պայքարի 25ամեակը։
Հինգշաբթի օր նախակրթարանի աշակերտները իրենց ատենամարզանքի պահը յատկացուցին Արցախի։ Անոնք գծեցին ու ներկեցին Արցախի դրօշակն ու զինանշանը, որոնցմով զարդարեցին իրենց դասարաններուն աւ անցքերուն պատի թերթերը։
Միջնակարգի ու երկրորդականի աշակերտները Ուրբաթ, 22 Փետրուարին հաւաքուեցան սրահ, ուր ներկայ եղան գեղարուեստական կոկիկ յայտագիրի մը։ Բացման խօսքը արտասանեց ԺԲ. դասարանէն Լոռի Գանթարճեան, որ շեշտեց, թէ Փետրուարը կարեւոր իրադարձութիւններու ամիսը եղած է հայ ժողովուրդին համար, որ այս ամսուան մէջ կը նշէ Վարդանանքը, Փետրուարեան ապստամբութիւնն ու Արցախի ազատագրական պայքարը։
Գեղարուեստական յայտագրին իրենց մասնակցութիւնը բերին Աւօ Մարտիրոսեան (ասմունք), Նաթալի Մարկոսեան (դաշնակ), Մհեր Տէր Դաւիթեան եւ Լոռի Զէքեան (երգ)։ Ներկայացուեցաւ նաեւ սահիկներու ցուցադրութիւն մը՝ նուիրուած Արցախեան ազատագրական պայքարին։
Օրուան պատգամը փոխանցեց Ազգային Լ.եւ Ս. Յակոբեան Քոլէճի տնօրէն Պրն. Վիգէն Աւագեան։ Ան խօսեցաւ Փետրուար ամսուան մէջ խտացուած ճակատագրական թուականներուն մասին, ընդգծելով, որ Վարդանանք, Փետրուարեան ապստամբութեան զոհերը, ինչպէս նաեւ Արցախեան պայքարի ազատամարտիկ նահատակները ինկան պահելու համար հայ ժողովուրդը։ Անոնց պայքարին նպատակը հայապահպանումն էր։ Աւագեան դիտել տուաւ, որ այս օրերուն ալ կան նոյն վտանգները, որոնց համար զոհեր ինկած են պատմութեան ընթացքին։ Հետեւաբար պայքարը կը շարունակուի։

  

  Մասնակցութիւն Միջ-դպրոցական Ձեռնարկի

    Երկուշաբթի, 25 Փետրուարին, երկրորդականի աշակերտները մասնակցեցան Արցախի պահանջատիրութեան նուիրուած ձեռնարկի մը, որ տեղի ունեցաւ Պօղոսեան սրահին մեջ: Լոռի Զէքեան եւ Մհեր Տէր Դաւիթեան մեներգներով մասնակցութին բերին յայտագրին:


Categories: