Ապրիլ 24

View Photos [ssba]
Print Friendly, PDF & Email

    Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլէճի ամբողջ աշակերտութիւնը, Ապրիլ ամսուան ընթացքին, զանազան միջոցառումներով ու իւրաքանչիւրը իր տարիքին համեմատ, հաղոդուեցաւ Եղեռնի Նահատակներու կտակով՝ ու վերանորոգեց իր ուխտը՝ տէր կանգնելու իր գրաւուած հողերուն։

Նախակրթարան      Ձեռային

            Նախակրթարանի դասարանները ձեռնարկը նախորդող շաբթուան ընթացքին, պատրաստեցին ձեռային աշխատանքներ։

            Ա., Բ. եւ Գ. դասարանները իրենց ոճով ամբողջացուցին իրենց տրուած կարմիր  ու վրան Ծիծեռնակաբերդը  պատկերուած թուղթերը՝  որոնց վրայ գրուած էր « Թուրքը իմ մեծ հայրերս սպաննած է  ու մեր հողերը գրաւած է, ուստի՝ …»։ Աշակերտները իրենց հաստատ կեցուածքը արտայայտեցին Թուրքիա այցելութեան, թրքական արտադրութիւնը քաջալերելու ու թրքական հաղորդաշարեր դիտելու յոռի երեւոյթնրու դէմ։

            Իսկ Դ., Ե. եւ Զ. դասարաններուն աշակերտները իրենց հայերէնի դասատուներուն օժանդակութեամբ բանաձեւեցին իրենց պահանջատիրական կեցուածքը՝ Պիքֆայայի Յուշարձանը ներկայացնող թուղթերուն վրայ։

            Ապա դաստիարակները այս թերթիկները ձեռայիններու վերածեցին ու յանձնեցին աշակերտներուն, որպէսզի զանոնք կախեն իրենց սենեակներուն մէջ ու միշտ յիշեն իրենց յանձնառութիւնը։
Նախակրթարան      Ձեռնարկ

Երկուշաբթի, 23 Ապրիլին, նախակրթարանը ունեցաւ իր Ապրիլեան ձեռնարկը։ Հայաստանի քայլերգը երգելէ ու վայրկեան մը յոտնկայս լռութեամբ Եղեռնի Նահատակենրուն յիշատակը յարգելէ ետք՝ բեմ բարձրացան Ա. դասարանները «Հայաստան» ու Բ. դասարանները «Իմ Հայրենիք» խմբային ասմունքներով։

            Ապա Գ. Դասարանի աշակերտները  թատրոնի  ընդմէջէն ներկայացուցին ջարդերու ընթացքին երկու հայ կիներու կողմէ Մշոյ Ճառընտիրը կորուստէ փրկելու յադուգն արարքը։

            Թատրոնէն ետք աշակերտները դիտեցին Հայկական Ցեղասպանութիւնը ներկայացնող վաւերական տեսաերիզ մը։ Ապա խօսք առաւ քոլէճիս Հայոց պատմութեան ուսուցչուհին՝ Տիկ. Սրբուկ Ճէնանեանը։ Ան հանգամանօրէն անդրադարձաւ Հայոց Եղեռնին ծրագրման եւ գործադրման հանգրուաններուն մասին ու  շեշտեց  սուգը  զգալու, գիտելիքներ  ամբարելու, թշնամին  ճանչնալու ու  ապա պահանջատիրութեան անցնելու անհրաժեշտութիւնը:

            Ապա 5-րդ դասարանէն Աննա Մարիա Ալթունեան դաշնակի վրայ նուագեց «Լորիկ» կտորը Իսկ՝ Քարլա Ապաճեան թաւջութակի վրայ երաժշտական կտոր մը հրամցուց աշակերտներուն։

            4-րդ դասարանի երգչախումբը հանդէս եկաւ «Խուժան Ասկեար» ու 5-րդ դասարանը՝«Ատանայի Ողբը» խմբերգով։

            6-րդ դասարանէն աշակերտներու մեծ խումբ մը ասմունքեց Պարոյր Սեւակի «Ողբամ Մեռելոց» բանաստեղծութիւնը։

            Ձեռնարկի աւարտին աշակերտութիւնը մեր 1.5 միլիոն հայ նահատակներուն հոգիին համար աղօթեց «Տէրունական Աղօթքը»։


Categories: