Ապրիլեան Ձեռնարկ

View Photos [ssba]
Print Friendly, PDF & Email

Ապրիլեան Ձեռնարկ
Ապրիլեան շաբթուան ձեռնարկներու ծիրէն ներս, Աշակերտական Խորհուրդի Մարդկային Իրաւանց յանձնախումբը, Ուրբաթ, 27 Ապրիլին, Ցեղասպանութիւններու նուիրուած ձեռնարկ մը կազմակերպեց միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտներուն համար։
Յանձնախումբի անդամները սրահն ու բեմը զարդարած էին Ցեղասպանութեան ճանաչում պահանջող խօսքերով, ինչպէս նաեւ դրօշակներով բոլոր այն երկիրներուն, որոնք ցարդ ընդունած են Հայկական Ցեղասպանութիւնը։
Յայտագրին ընթացքին անոնք ներկայացուցին 20րդ եւ 21րդ դարերու գլխաւոր ցեղասպանութիւնները՝ Հայկականը, Հրէական Ողջակիքումը, Ռունտայինը եւ ՏարՖուրինը։ Տեղեկութիւններուն կողքին, անոնք ցուցադրեցին տեսերիզներ։
Ապա, անոնք ներկայացուցին արդիւնքները հարցախոյզի մը, զոր կատարած էին երկրորդականի աշակերտութեան եւ որ կ՛առնչուէր հայապահպանման։
Օրուան պատգամը փոխանցեց Պրն. Կարօ Յովհաննէսեան։ Փակման իր խօսքը փոխանցեց նաեւ Քոլէճի տնօրէն Պրն. Զօհրապ Ղազարեան:


Categories: