2016-ի Ապրիլին, Մարտակերտի մարտական գործողութիւններուն ընթացքին իր ընկերներուն հետ հերոսաբար կռուած , թշնամիի երեք յարձակում ետ մղած ու ապա առա՛նց նահանջելու հերոսի մահով նահատակուած Անդրանիկ Զոհրապեանի ծնողքը՝ Չորեքշաբթի, 5 Հոկտեմբերին այցելեց Քոլէճ:
Sնօրէնութեան հետ շրջելէ ետք քոլէճի զանազան բաժանմունքները, Ատոմ եւ Ալլա Զոհրապեանները հանդիպում ունեցան քոլէճի սրահին մէջ հաւաքուած ԺԱ. եւ ԺԲ. դասարաններու աշակերտներուն հետ:
Տնօրէն Զօհրապ Ղազարեան ողջունելէ ետք հիւրերը, աշակերտներուն փոխանցեց իր պատգամը, նշելով՝ թէ նահատակութիւնը ծանօթ է ազգային վարժարաններուն, տրուած ըլլալով, որ այդ վարժարաններէն ծնունդ առած են իրենց կեանքն իսկ հայրենիքին զոհաբերած հայորդիներ:
Ապա իր սրտի խօսքը փոխանցեց հերոսի հայրը: Ան ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց Արցախեան քառօրեայ պատերազմը եւ Անդրանիկի ու իր ընկերներու հերոսական նահատակութիւնը, շեշտը դնելով Արցախի ներկայացուցած աշխարհագրական կարեւորութեան ու հաստատելով, թէ ոչ մէկ թիզ հող կարելի է զիջիլ հերոսներու արիւնով շաղախուած տարածքներէն: Իր խօսքի աւարտին, ան աշակերտներուն մաղթեց խաղաղ օրեր, յոյս յայտնելով որ բախտաւոր օր մը ամբողջ հայութիւնը համախմբուի հայրենի հողի վրայ:
Տնօրէնը քոլէճի մեծ ընտանիքին անունով յուշանուէր մը յանձնեց հերոս Անդրանիկի ծնողքին, որ կը պատկերէր Արցախեան քառօրեայ պատերազմին առիթով քոլէճի «Արցախ. Մենք կողքիդ ենք» քարոզարշաւի աշակերտական հաւաքը:
Ատոմ Զոհրապեան իր կարգին դպրոցին նուիրեց հերոսին ու կենսագրութիւնը ներկայացնող թերթի համարը լուսանկարը:
Ձեռնարկի աւարտին, աշակերտները դիտեցին հերոսին նկարները ներկայացնող տեսերիզ մը ու սրահէն մեկնեցան թաց աչքերով, բայց վերանորոգ կամքով: