Այցելութիւն Դէպի Փուռ
Ա. դասարանի աշակերտները՝ հայերէնի «Փուռը» դասը ամբողջացնելէ ետք, այցելեցին Wooden Bakery, մօտէն ծանօթանալու համար հացի եւ այլազան անուշեղէններու պատրաստութեան հանգրուաններուն։ Անոնք նաեւ առիթը ունեցան համտեսելու համեղ կարկանդակներ ու փափուկ հացեր։
Աշակերտները մեծ ուրախութեամբ վերադարձան դպրոց՝ շարունակելու իրենց բնականոն դասերը։