Ուրբաթ, 26 Մայիս 2017ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Սիրան Մանուկեան» քոլէճի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան Քոլէճի Նախակրթարանի «Երգենք, Պարենք, Նուագենք» գեղարուեստական հանդէսը:
Քայլերգներու ունկնդրութենէն եւ քոլէճի նախակրթարանի պատասխանատու Տիկին Հուրի Քէշիշեանի բացման խօսքէն ետք ընթացք առաւ հանդէսի գեղարուեստական բաժինը:
Յայտագրի Ա. մասը յատկացուած էր երգերու եւ նուագներու:
Ա. դասարաններու փոքրիկները ներկայացուցին՝ Մուշեղ Իշխանի «Դպրոցական Քայլերգ»ը, Ա. Մնակեանի «Գարուն»ը եւ չափական գործիքներով նուագ մը՝ երգիծական պատկերով համեմուած: Ապա, Բ. դասարանը հանդէս եկաւ Եուրի Սահակեանի «Իմ Պապիկի Հայաստան» եւ ժողովրդական «Արեւ- արեւ, արի դուրս» երգերով:
Գ. դասարանի աշակերտները ներկայացուցին Ն. Միքայէլեանի «Մենք թոռներն ենք Մաշտոցի»ի եւ Ա. Լուսինեանի «Շուշաններ-Առուակի երգը», իսկ Դ. դասարանը մեկնաբանեց «Վարդավառ», «Սէյրանի», «Ֆորկա», «Ջան Ծաղիկ» ժողովրդական երգերը եւ Ա. Լուսինեանի «Բարձրիկ Հայաստան»ը: Ե. դասարանը՝ «Բարով եկար սիրուն կռունկ», «Տալուորիկի Քաջեր» ազգային երգերը, իսկ իսկ Զ. դասարանի աշակերտները՝ «Արփա-Սեւան»ը, որմէ ետք իրենց միացան Դ. եւ Ե. դասարաններու աշակերտները եւս եւ «Կռո՛ւնկ, բարով դառնաս» եւ Գուսան Հայկազունի «Շուշի» երգերով ամբողջացուցին երգերու նուիրուած բաժինը, հպարտութեամբ լեցնելով ներկաներու սրտերը:
Յայտագրին երկրորդ մասը յատկացուած էր պարերուն:
Ա. դասարաններու աշակերտները յաջորդաբար հանդէս եկան «Բարեւ» եւ «Երեւան, իմ տուն» պարերով, Բ.1 դասարանի տղաքը միացան իրենց դասընկերուհիներուն եւ խրոխտ շարժումներով մեկնաբանեցին «Արցախ» պարը, իսկ Բ.2 դասարանը ներկայացուց «Պաղմանչի» պարը:
Գ. դասարանը արդի կատարումով ու համարձակ շարժուձեւերով ներկայացուց «Welcome to Armenia» պարը:
Ապա, Դ. դասարանները յաջորդաբար ներկայացուցին “Fireball” եւ “Zorba the Greek” պարերը, իսկ Զ. Դասարանի աշակերտուհիները՝ “City of Sun”ը:
Դ.1 դասարանը՝ «Հա նինա» պարը, իսկ Դ. 2 դասարանէն խումբ մը աշակերտներ՝ «Տոտիկ» կատակ-պարը, որ մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց ներկաներուն մօտ:
Ապա, բեմ բարձրացան՝ այս տարուան Լիբանանի Կրթական Նախարարութեան կազմակերպած Միջ-Լիբանանեան պարի մրցանքին բաժակներով վերադարձած քոլէճի զոյգ պարախումբերը. Ե. դասարանի պարախումբը, իր համաչափ ու գեղեցիկ շարժուձեւերով ներկայացուց Լիբանանեան Տապքէ մը, իսկ Գ. Դասարանի աշակերտուհիները՝ իրենց գունագեղ հագուստներով ու զուարթ արտայայտութեամբ պարեցին Գնչուական պարը, որուն գեղեցիկ կատարումովը դարձած էին Լիբանանի Միջ-դպրոցական Պ արի Մրցոյթի ախոյեան:
Փակման խօսքը փոխանցեց քոլէճի տնօրէն Պրն. Զօհրապ Ղազարեան, որ նախ վեր առաւ հայ մօր դերը հայեցի դաստիարակութեան ու հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ: Ապա, անդրադարձաւ Մայիսեան յաղթանակներուն ու աւելցուց.- «Սրբազան «խենթեր»ը իջան պատերազմի դաշտ, ըսելու համար թուրքին, որ հայը չի՛ դառնար թանգարանային արժէք, որ պատմութիւնը մեզի համար չ՛աւարտի՛ր հոս: Հարկ եղած պարագային կը բարձրացնենք սուր ու զէնք, իսկ խաղաղ օրերուն՝ գրիչ ու վրձին. Կը ստեղծենք գիր ու գրականութիւն, կը յօրինենք երաժշտութիւն, կը քանդակենք խաչքարեր ու կը պարե՛նք. Կը պարե՛նք մեր յաղթանակը մահուան ու չարիքին վրայ»:
Իր խօսքի աւարտին, ան շնորհակալութիւն յայտնեց նախակրթարանի բոլոր ուսուցչուհիներուն եւ պատասխանատու Տիկ. Հուրի Քէշիշեանին, իրենց համբերութեան ու տրամադրած օժանդակութեան համար, ապա բեմ հրաւիրեց ու ծաղկեփունջերով պատուեց քոլէճի՝ երգի դասատու Տիկ. Գայեանէ Մարկոսեանը եւ պարուսոյց Տիկ. Անի Կոստանեանը իրենց տարած գնահատելի աշխատանքին համար:
Փակման պարի ընթացքին, հանդիսասրահը թնդաց ազգային պարերու շարանով, որու միացան մաս առ մաս, Ա.էն Զ. դասարաններու բոլոր աշակերտները, սրահի բոլոր կողմերէն մուտք գործելով եւ ոգեւորումի ու հպարտութեան պահեր առթելով ներկաներուն: