Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան Քոլէճի Կալա Ընթրիքը

View Photos [ssba]
Print Friendly, PDF & Email

Հինգշաբթի,  11  Մայիս  2017-ի  երեկոյեան, «Le Maillon»   սրահին   մէջ     կայացաւ  Ազգ. Եղիշէ     Մանուկեան     Քոլէճի Կալա  Ընթրիքը,  հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Լիբանանի   Հայոց  Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ  Տէր   Շահէ Եպս. Փանոսեանի, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի, Պուրճ Համուտի եւ Այնճարի Քաղաքապետներուն, Ազգային իշխանութեանց եւ քոլէճի մեծ ընտանիքի մարմիններու   ներկայացուցիչներու:

Առաջնորդ հօր  սեղանօրհնէքէն  ետք, Քոլէճի տնօրէն Պրն. Զօհրապ Ղազարեան ողջունեց ներկաները եւ նշեց, թէ աւելի քան 30 տարիներ առաջ հիմնուած քոլէճը իր դրոշմը ձգած է Լիբանանահայ գաղութի կեանքին վրայ ու ներկայիս,հիմնուելով հինին ու տարրականին վրայ, տնօրէնութիւնն ու խնամակալութիւը ջանք չեն խնայեր աւելցնելու նորը: Ան հաստատեց, թէ քոլէճը նախանձախնդիր է, որ իրեն վստահուած մանուկն ու պատանին իրենց ստացած գիտութեամբ մրցին մեծ համբաւ վայելող վարժարաններու հետ, սակայն գիտութեան կողքին ան իր աշակերտներուն  մտքին ու հոգիին մէջ կը դարբնէ ազգային գիտակցութեան ոգին: Ապա, power point-ի ընկերակցութեամբ եւ նկարներու ընդմէջէն, տնօրէնը մանրամասնօրէն ներկայացուց քոլէճի անցնող վեց տարիներու իրավիճակը:

Կրթական գետնի վրայ, Տնօրէնը  թիւերով ներկայացուց աշակերտներու եւ շրջանաւարտներու թիւերը, պետական քննութիւններու յաջողութիւններու բարձր համեմատութիւնները,  հաստատելով որ քոլէճի շրջանաւարտներու մեծամասնութիւնը կը յաճախեն առաջնակարգ համալսարաններ, ինչպէս նաեւ անոնցմէ շատեր  շօշափելի ներդրում ունին հայ կեանքէն ներս:

Ապա, ան անդրադարձաւ անձնակազմի որակին, հաստատելով՝ թէ Քոլէճին կրթական մակարդակի ողնասիւնը կը հանդիսանայ ուսուցիչը: Իսկ Եղիշէ Մանուկեան Քոլէճի  ուսուցչական կազմը կ՝ընդգրկէ 2 նախկին եւ 2 ներկայ տնօրէններ, Մագիստրոսի աստիճան ստացած կամ թեկնածու ուսուցիչներ, ինչպէս նաեւ իրենց ուսումը իրենց փորձառութեամբ կատարելագործած ուսուցիչներու յարգելի փաղանք մը: Ան նաեւ նշեց՝ թէ Քոլէճի յարկին տակ 2 տարիէ ի վեր կը գործէ Մանկավարժական Խորհրդատուութեան Բաժանմունքը ուր գործող 4 մասնագէտները՝ հոգեբան խորհրդատուն, ուղղավարժը (special educator), ուղղախօսը (Speech Therapist) եւ Հոգեշարժողութեան մասնագէտը (Psychomotor Therapist)-ը, իրենց ստացած ուսումը ի սպաս կը դնեն օժանդակութեան կարիք ունեցող աշակերտներուն կարիքները հոգալու համար:

Այս բոլորին կողքին, տնօրէնը շնորհակալութիւն յայտնեց՝ կամաւորներէ բաղկացած Տիկնանց Միութեան, որ ընկերային կեանքին զարկ տալով  նիւթապէս նեցուկ կը հանդիսանայ քոլէճին, մինչ խնամակալութիւնը մօտէն կը հսկէ քոլէճի աշխատանքներուն եւ բարգաւաճման բոլոր ծրագիրներուն:

Ապա, Պրն. Ղազարեան հանգամանօրէն անդրադարձաւ կրթական մակարդակին, որ կ՛արտացոլայ պետական քննութիւններու արդիւնքներուն եւ  շրջանաւարտներու ընտրած եւ ընդունուած համալսարաններու ընդմէջէն, ինչպէս նաեւ որակաւոր ուսումը աշակերտին հասցնելու համար օգտագործուած արհեստագիտութենէն, հաստատելով՝ որ Interactive board-ով ուսուցումը, որ մի քանի տարի առաջ սկսած էր փոքր դասարաններէն, ամբողջացած է,  եւ քոլէճի բոլոր դասարաններն ու սրահը սարքաւորուած են Interactive board-երով:

Խօսքի երրորդ բաժինով տնօրէնը անդրարարձաւ շէնքի կառոյցին, ներկայացնելով զանազան բաժանմունքներու ստեղծումը կամ բարենորոգումը, ինչպէս՝ մանկամսուրի եւ մանկապարտէզի դասարաններու կահոյքի հիմնովին փոփոխութիւնը, պատերու գունաւորումը, խաղավայրի արուեստական խոտով ծածկուիլն ու նոր ու ապահով  խաղալիքներով բարեզարդուիլը:

Պրն. Ղազարեան իր խօսքին մէջ գոհունակութեամբ արտայայտուեցաւ քոլէճին մէջ հաստատուած «Ժան Ապաճեան» արդիական  գրադարանին մասին, ուր աշակերտներ կ՛այցելեն ուսումնասիրութիւններ կատարելու կամ ընթերցելու համար, ինչպէս նաեւ՝  մի քանի տարի առաջ կառուցուած արուեստի սենեակին՝ ուր աշակերտներ իրենց արուեստի ուսուցիչին հսկողութեան տակ կը ստեղծագործեն, հաճելի ու յարմարաւէտ դասարանի մէջ: Ան հաստատեց, թէ տարրալուծարանը եւս կը շարունակէ համալրուիլ անհրաժեշտ սարքերով եւ գործածուիլ զանազան դասարաններու աշակերտներուն կողմէ, իսկ արուեստական խոտով ծածկուած քոլէճի ֆութպոլի դաշտն ու ընդլայնած քոլէճի պասքէթի դաշտը  կ՛աշխուժացնեն մարզական կեանքը:

Հայեցի դաստիարակութեան անդրադառնալով, տնօրէնը հաստատեց, թէ Հայ դպրոցը կը զատորոշուի այլ դպրոցներէ, իր ջամբած հայեցի դաստիարակութեամբ. Քոլէճի կրթական ծրագրին մէջ տեղ գտած հայերէնի եւ հայոց պատմութեան դասաւանդումներուն կողքին, աշակերտին հայեցի նկարագիրն է որ կը կազմաւորուի հայ դպրոցի հայաբոյր մթնոլորտին մէջ՝ արտադասարանային այցելութիւններու, մրցանքներու,  հայկական ձեռնարկներու, թէ՝ ազգային աւանդութիւններու փոխանցման ընդմէջէն: Հայկականին կողքին,  դասախօսութիւններու, ձեռային թէ այլ աշխատանքներու եւ դասաւանդումի ընդմէջէն աշակերտութեան  կը փոխանցուի նաեւ Լիբանանեան քաղաքացիական կրթութիւնը:

Շարունակելով power point-ի ցուցադրութիւնը, Մշակոյթ ու Արուեստ բաժնին տակ, պրն. Ղազարեան նկատել տուաւ, թէ Քոլէճէն ներս յատուկ կարեւորութիւն կը տրուի նաեւ արուեստներուն՝ երգի, նուագի, գծագրութեան, պարի դասապահերուն եւ գեղարուեստական հանդէսներու պատրաստութեան ընդմէջէն. Ան հաստատեց, թէ Քոլէճի պարախումբերը՝ ինչպէս միշտ, այս տարի եւս Լիբանանի կրթական նախարարութեան կազմակերպած միջ-դպրոցական պարի մրցանքէն վերադարձած են բաժակներով: Ծնողական ու աշակերտական խումբեր մասնակցեցան նաեւ հայկական ասեղնագործութեան՝ մարաշի ձեռագործի դասընթացքին:

Մարզական գետնի վրայ, «Առողջ Միտք, Առողջ մարմնի մէջ» նշանաբանէն մեկնած, պրն. Ղազարեան հաստատեց՝ թէ քոլէճը զարկ կու տայ մարզական կեանքին, մասնակցելով ԼԵՎԱՄի եւ այլ մրցանքներու եւ միշտ պատուաբեր արդիւնքներ կ՛ապահովէ քոլէճին: Ան աւելցուց, թէ Քոլէճը կը մասնակցի նաեւ՝ այլ համալսարաններու կազմակերպած մրցանքներուն եւ LAU համալսարանի Model United Nations-ի նախաձեռնութեան, առիթ տալով աշակերտներուն մրցունակ մթնոլորտի մէջ բարելաւելու իրենք զիրենք եւ յաղթանակներ ապահովելու:

Իսկ հայկական՝  «Խաչիկ Պապիկեան», զարգացման, շարադրական, արտասանական, ուղղագրական թէ այլ մրցումներու, աշակերտները միշտ ալ կ՛ապահովեն պատուաբեր արդիւնքներ: Տնօրէնը անդրադարձաւ    Արեւմտահայերէն Ուիքիփիտիայի մէջ մեր աշակերտներուն ունեցած ներդրումին, հաստատելով, որ հիմնադրութեան առաջին իսկ օրէն քոլէճի աշակերտներէն խմբակներ աշխոյժ ներդրում ունեցած են այնտեղ յօդուածներ խմբագրելու եւ տեղադրելու աշխատանքին մէջ: Քոլէճը ունի Ուիքի ակումբ մը, որուն միջոցով նորանոր աշակերտներ կը միանան այս աշխատանքին, մինչ աշակերտներէն ոմանք ընտրուած  ու մասնակցած են Հայաստանի ու Փորթուկալի մէջ կայացած Ուիքի ճամբարներուն, իսկ  ամրան տարբեր խմբակներ պիտի մասնակցին Ֆրանսայի  եւ Հայաստանի Ուիքի ճամբարներուն:

Power point-ն ու զեկուցումը աւարտեցան «Ուրախ ամառ 6»ի յայտարարութեամբ եւ տնօրէնը հաստատեց, թէ ինչպէս նախորդող տարիներուն, յառաջիկայ ամրան եւս քոլէճը պիտի ունենայ ամառնային խաղավայրի դրութիւնը, ուր փոքրիկները պիտի հաւաքուին հաճելի ու օգտակար ժամանցի համար:

Խօսքի աւարտին, տնօրէնը ներկայացուց ապագայի ծրագիրներ ու հեռանկարներ, որոնք կ՛ընդգրկեն՝ կրթական արդի արհեստագիտութեան օգտագործում, սրահի բեմի հիմնական բարեզարդում, խոհանոցի բարեզարդում ու սարքաւորում:

Երաժշտական կտորներով մերթ ընթ մերթ հանդէս եկաւ՝ հայրենի վաստակաւոր ջութահար Յովիկ Գարախանեան:

Խօսք առաւ Քոլէճի  շրջանաւարտ եւ  խնամակալութեան ատենապետ Պրն.  Յովիկ Կէօզիւպէօիւքեան,  որ գոհունակութեամբ յայտնեց,  որ  քոլէճի առօրեան լի է կրթական յաջողութիւններվ եւ յառաջդիմութեամբ, հաստատելով, թէ՝ նիւթապէս տագնապալի այս ժամանակաշրջանին,  բարեկամներու նիւթական ու բարոյական աջակցութիւնը աւելի քան անհրաժեշտ է, հեզասահ կերպով շարունակելու քոլէճի փայլուն ընթացքը: Առ այդ, ան շնորհակալութիւն յայտնեց իրենց ներդրումը ունեցած բոլոր բարեկամներուն:

Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ  Տէր  Շահէ եպս. Փանոսեան   խօսք առնելով  հաստատեց, թէ ներկաները հաւաքուած են միաժամանակ թէ՛ իրենց տնտեսական աջակցութիւնը բերելու եւ թէ՛ մօտէն ծանօթ ըլլալու հայ դպրոցի յաջողութիւններուն ու տագնապներուն, շեշտելով՝ որ տան կողքին, հայ դպրոցին մէջ է , որ կը զարգանայ մեր ազգային մշակոյթը  եւ իբրեւ աւանդ կը փոխանցուի սերունդէ սերունդ ու աւելցուց.- «Հայ դպրոցը տարիներէ ի վեր Հայ ժողովուրդի արիւնով ու քրտինքով կերտուած այն միջնաբերդերէն է, որոնց միջոցով սփիւռքահայութիւնը իր ինքնութիւնը պահեց Ցեղասպանութենէ ետք 100 տարի: Մեր դպրոցները մարդուժ հայթայթեցին մեր հաւաքականութեան եւ այդ դպրոցներուն շնորհիւ մենք քաջութեամբ ու համարձակութեամբ կը նայինք վաղուան կեանքին, որովհետեւ իբրեւ նեցուկ ու յենարան՝ ունինք հայկական դպրոցները»:

Իր խօսքի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը մաղթեց, որ Աստուած վարձայատոյց ըլլայ բոլորին, որպէսզի անոնք տարուէ-տարի, իրենց արդար քրտինքէն ու վաստակէն բաժին հանեն հայ դպրոցին ու ըսաւ.-«Աստուած թող օրհնէ՛ ձեց, ու ձեր կեանքը առատացնէ ամէն տեսակի բարիքներով, որ դուք հայ աշակերտին կեանքը դարձնէք լուսաւոր»:

Ընթրիքի աւարտին եւ յաջորդող շաբաթներուն կատարուեցան նուիրատուութիւններ, որոնցմէ գոյացաւ 55 հազար Ամ. Տոլար:


Categories: