Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլէճի կրթական իւրաքանչիւր օղակը իր ոճով նշեց Թարգմանչաց տօնը ու անդրադարձաւ անոր արժէքին:
Միջնակարգ եւ Երկրորդականի Թարգմանչաց Տօնը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 12 Հոկտեմբեր, 2017ին:
Քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, բացման խօսքով հանդէս եկաւ Ժ. դասարանի աշակերտուհի Կալի Աւագեան, որ շեշտեց թէ Մեսրոպ Մաշտոցի գիւտը հայապահպանումի ու գոյատեւման համար անհրաժեշտ քայլն էր:
Ռուբէն Մարտիրոսեան, Շուշի Գոճայեան եւ Փեռլա Լալէեան ընթերցեցին Պ. Սեւակի «Այր Մի Մաշտոց Անուն» բանաստեղծութիւնը, ապա Power Point-ի միջոցով աշակերտները ծանօթացան հայ գիրերու գիւտի հանգրուաններուն եւ թարգմանիչներուն:
Օրուան պատգամախօսն էր Հոգեշնորհ Հայր Վիգէն Վարդապետ Տալգլըճեան, որ վեր առաւ Մեսրոպ Մաշտոցի ու թարգմանչաց սերունդի գործի կարեւորութիւնը հայ կեանքին մէջ:
Եզրափակիչ խօսքով հանդէս եկաւ քոլէճի տնօրէն Պրն. Զօհրապ Ղազարեանը, որ նշեց, թէ ձուլումի վտանգը միշտ ալ առկայ եղած է ժողովուրդներու ու յատկապէս Հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ ու մեր նախահայրերը միշտ ալ միջոցներու դիմած են մեր ազգը փրկելու ձուլումէ: Տնօրէնը հաստատեց, թէ Մաշտոցն ու իր աշակերտները թարգմանական աշխատանքներ կատարելով միաժամանակ հիմը դրած են հայ դպրոցին եւ ուրոյն գրականութիւն ու մշակոյթ ունենալու իրողութեան: Իր խօսքի աւարտին Պրն. Ղազարեան աշակերտներուն պատգամեց տէր կանգնիլ մայրենի լեզուին, որ մանաւանդ սփիւռքի այլասերիչ պայմաններու մէջ ձուլումի դէմ ուժեղ պատնէշ կը հանդիսանայ:
Ուրբաթ, 13 Հոկտեմբեր 2017-ին, քոլէճի Դ. եւ Ե. դասարաններու աշակերտները թատրոնի մը ընդմէջէն փոխանցեցին օրուան պատգամը, որու ընթացքին մէջընդմէջ տեղի ունեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիրը: Ձեռնարկի փոքրիկ հաղորդավարները՝ Արինա Կիւլեան եւ Սելին Պէրպէրեան երեւակայական համացանցային հաղորդակցութիւն մը ունեցան Մեսրոպ մաշտոցին հետ, որու ընթացքին Բ. եւ Գ. դասարաններէն աշակերտական խումբեր յաջորդաբար արտասանեցին «Վերամուտ» եւ «Գիրքը», իսկ Նաթել Հաւաթեան ջութակի վրայ մեկնաբանեց «Շողեր» երաժշտական կտորը:
Գ. դասարանէն խումբ մը աշակերտներ ասմունքեցին «Մեսրոպ Մաշտոցին», Զ. դասարանէն Մանէ Թորոյեան դաշնակի վրայ ներկայացուց «Կտոր Մը Երկինք» երաժշտական կտորէն հատուած մը:, իսկ Դ. դասարանէն խումբ մը ասմունքեց «Մեր Լեզուն»:
Թատերականօրէն ներկայացուեցաւ հայ գիրերու գիւտի հանգրուանը, ապա, Ե. կարգի աշակերտները յաջորդաբար ներկայացուցին այբուբենի նուիրուած երկու խմբերգներ: Ապա, տեսերիզի ցուցադրութեան ընդմէջէն աշակերտները աւելի մօտէն ծանօթացան հայ գիրերու գիւտի նախապատրաստող հանգրուաններուն եւ թարգմանչաց սերունդին:
Ձեռնարկը փակուեցաւ երեւակայական համացանցային հաղորդակցութեան միջոցով փոխանցուած Մեսրոպ Մաշտոցի խօսքով, որ աշակերտներուն պատգամեց լաւ սորվիլ ու մաքուր պահել մայրենին, հայերէն լեզուով հաղորդակցիլ իրար հետ եւ ընկերային ցանցերուն վրայ մի՛շտ գործածել հայերէն տառերը եւ հեռու մնալ լատինատառ հայերէն գրելու երեւոյթէն:
Ձեռնարկի աւարտին աշակերտներուն բաժնուեցաւ օրուան խորհուրդը ամփոփող պատկերազարդ թերթիկ մը:
Մանկապարտէզի փոքրիկները եւս անմասն չմնացին այս հպարտառիթ տօնէն: Անոնք իրենց անուններու սկզբնատառերը զարդարեցին ըստ իրենց տարիքի ընձեռած կարելիութիւններուն. մանկամսուրի աշակերտները իրենց մատիկներով ներկելով, բողբոջները ներկելով, կոկոնները փակցնելով իսկ ծաղիկները հլուններով զարդարելով: