Ուրբաթ, 18 Նոյեմբեր 2016-ին, Քոլէճիս Տիկնանց Յանձնախումբի՝ վերամուտի առիթով կազմակերպած Ճաշկերոյթը տեղի ունեցաւ Նահր Էլ Քէլպի «Նահր Էլ Ասրար» ճաշարանին մէջ, նախագահութեամբ՝ Տիկին Ոսկի Կէրէքմէզեանի: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Տիկնանց Յանձնախումբի ատենապետուհի Տիկին Ծովիկ Գէորգեանը, որ ողջունեց ներկայ ծնողներն ու բարեկամները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց, հաստատելով՝ թէ ձեռնարկը, կը միտի հաճելի մթնոլորտով մը համախմբել ծնողներն ու բարեկամները, միաժամանակ իր հասոյթով օժանդակելով քոլէճի կարիքաւոր սաներու ֆոնտին: Ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց օրուան նախագահութիւնը ստանձնած Տիկին Ոսկի կէրէքմէզեանին եւ յաջողութիւն ու արեւշատութիւն մաղթեց անոր: Ապա, իր սրտի խօսքը փոխանցեց քոլէճի տնօրէն Պրն. Զօհրապ Ղազարեան, որ բարի գալուստ ու հաճելի ժամանց մաղթեց ներկաներուն , շնորհակալութիւն յայտնեց տիկնանց յանձնախումբին իր տարած կամաւոր ու աշխոյժ գործունէութեան համար: Տնօրէնը կարեւորութեամբ անդրադարձաւ օրուան նախագահին ներկայութեան բարոյական նշանակութեան վրայ, տրուած ըլլալով, որ անոր թոռները կը յաճախեն Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան քոլէճ եւ եւ հաստատեց, որ հայ դպրոցին հաւատացող մեծ մայրերով ու մայրերով կարելի է ապահովել հայեցի դաստիարակութեան փոխանցումը սերունդէ սերունդ: Ապա, տնօրէնն ու տիկնանց յանձնախումբի ատենապետուհին Տիկ. Կէրէքմէզեանին նուիրեցին հայկական ձեռագործ մը, իբրեւ յուշանուէր: Քոլէճի նախակրթարանի Բ. դասարանը խմբերգով, իսկ Գ. եւ Ե. դասարանները պարերով հանդէս եկան:
Տիկնանց Յանձնախումբի Ճաշի Հաւաքոյթ
Categories: 2016/2017