Տիկնանց Նախաճաշ
Վարժարանի Տիկնանց Յանձնախումբը այս տարուան իր առաջին ձեռնարկը կազմակերպեց Հինգշաբթի, 7 Նոյեմբերին, Քասլիքի Republic ճաշարանին մէջ՝ նախագահութեամբ Տիկին Լենա Ռագուպեանի:
Բացման խօսքը կատարեց յանձնախումբի ատենապետուհի Տիկին Սոնա Ասատուրեան: Խօսք առաւ նաեւ վարժարանի տնօրէն Պրն. Զօհրապ Ղազարեան, որ իր խօսքին աւարտին վարժարանին անունով նուէր մը յանձնեց Տիկին Ռագուգպեանին:
Գեղարուեստական յայտագրին մասնակցութիւն ունեցան նախակրթարանի աշակերտները, որոնք գեղեցիկ պարով մը խանդավառեցին ներկաները:
Տիկնանց Նախաճաշ
Categories: School News