ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՂԻՇԷ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ ՔՈԼԷՃ
ՇՐՋԱԲԵՐԱԿԱՆ 1
Յարգելի Ծնողներ,
Արդէն թեւակոխած ենք 2010-2011 կրթական տարեշրջանը, հետեւաբար անհրաժեշտ է նկատի ունենալ Վարժարանին օրէնքներուն եւ գործընթացին առնչուող հետեւեալ կէտերը.
Ա- ՀԱՄԱԶԳԵՍՏ
Համազգեստը ՊԱՐՏԱՒՈՐԻՉ Է ԲՈԼՈՐ բաժանմունքներուն համար անխտիր։ Պարտաւորիչ է նաեւ մարզական տարազը։
Ա-էն Գ կարգի աշակերտներուն տարազին զանազան մասերը՝ շապիկ, ճինզ տաբատ, բուրդ, sweatshirt, polo shirt եւ լազուարթ ժաքէթ, ՊԷՏՔ Է ԿՐԵՆ ԱՇԱԿԵՐՏԻՆ ԱՆՈՒՆ-ՄԱԿԱՆՈՒՆԸ։ Աշակերտները մարզական տարազով կրնան գալ այն օրերուն երբ մարզանքի պահ ունին։
ԲՈԼՈՐՈՎԻՆ ԱՐԳԻԼՈՒԱԾ ԵՆ ոսկեղէն եւ զարդեղէն, ինչպէս նաեւ՝ դէմքի շպարը։ Եթէ զարդեղէն գրաւուի, չի վերադարձուիր։
Բ- ԱՇԱԿԵՐՏՈՒԹԵԱՆ ԳՈՐԾԱԾԱԾ ԻՐԵՐՆ ՈՒ ՊԻՏՈՅՔՆԵՐԸ
Գրենական պիտոյքները՝ մատիտ, տաշելիք, ռետին, գծաքաշ… պէտք է ըլլան իրենց պարզագոյն գործածական ձեւին տակ միայն եւ երբեք՝ խաղալիքի ձեւով։
Կը յիշեցնենք, որ խստիւ արգիլուած է ՈՐԵՒԷ տեսակի խաղալիք նոյնիսկ գնդակ կամ այլ առարկայ բերել դպրոց, ինչպէս նաեւ՝ ԱՐՏԱԴՊՐՈՑԱԿԱՆ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ՝ գիրք, թերթ, ձայներիզ, պատկերիզ, ՍSB , CD, եւայլն, առանց դաստիարակին կամ ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԵԱՆ արտօնութեան։
ԲՈԼՈՐՈՎԻՆ ԱՐԳԻԼՈՒԱԾ ԵՆ ԲՋԻՋԱՅԻՆ ՀԵՌԱԽՕՍՆԵՐԸ MP3, IPOD եւ նման այլ սարքեր։
Այն պարագային,որ աշակերտը ստիպողաբար պէտք է իր հետ ունենայ բջիջային հեռախօս (օրինակ յետմիջօրէին գործածելու համար), պէտք է զայն յանձնէ ընդհ. հսկիչին կամ յարկի պատասխանատուին։
Կը շեշտենք, որ եթէ սարքերը գրաւուին, ՄԻՄԻԱՅՆ ՏԱՐԵՎԵՐՋԻՆ ԿԸ ՎԵՐԱԴԱՐՁՈՒԻՆ։
ԽՍՏԻՒ ԱՐԳԻԼՈՒԱԾ ԵՆ ՆԱԵՒ ԾԱՄՕՆԸ, ԿՈՒՏԻ ՏԵՍԱԿՆԵՐԸ, CHIPS, POP CORN եւ Pepsi-ի նման զովացուցիչներ, որոնց վնասակար կողմերը ՊԷՏՔ Է ՇԵՇՏԵԼ ՓՈՔՐԻԿՆԵՐՈՒՆ։
Դ- ՆԻՒԹԱԿԱՆ
Ծնողներէն կը խնդրենք, որ իրենց զաւակներուն հետ ղրկեն ՄԻԱՅՆ անհրաժեշտ գումարներ՝ գնելու համար ուտելիք-խմելիք կամ գրենական պիտոյք։ Պէտք է թելադրել երեխային, որ գումարը պահէ իր գրպանին մէջ եւ ո՛չ պայուսակին կամ գրչատուփին մէջ։
Ե- ՓՈԽԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
Աշակերտութեան փոխադրութեան հարցերով կը զբաղի Ընդհանուր Հսկիչ՝ Պրն. Յակոբ Կիւլիւմեանը։
ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԵԱՄԲ ԿԸ ՅԻՇԵՑՆԵՆՔ, ՈՐ ԱՇԱԿԵՐՏԻՆ ԱՐԳԻԼՈՒԱԾ Է ՓՈԽԵԼ ԻՐԵՆ ՀԱՄԱՐ ՃՇԴՈՒԱԾ ՕԹՈՔԱՐԸ ԵՒ ԲԱՑԻ ՏՈՒՆԷՆ, ՈՐԵՒԷ ԱՅԼ ՏԵՂ ԵՐԹԱԼ ԱՌԱՆՑ ԲԱՆԱՒՈՐ ՊԱՏՃԱՌԻ ԵՒ ԾՆՈՂՔԷՆ ԲԵՐՈՒԱԾ ԳՐԱՒՈՐ ԱՐՏՕՆՈՒԹԵԱՆ։
ԱՅՆ ԱՇԱԿԵՐՏԸ ՈՐ Չ՛ՕԳՏՈՒԻՐ ՕԹՈՔԱՐԻ ՍՊԱՍԱՐԿՈՒԹԵՆԷՆ, ՈՐԵՒԷ ՊԱՐԱԳԱՅԻ ՉԻ ԿՐՆԱՐ ՕԹՈՔԱՐ ԳՈՐԾԱԾԵԼ։
ԿԸ ՅԻՇԵՑՆԵՆՔ ՈՐ ԽՆԱՄԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ՈՐՈՇՈՒՄՈՎ՝ ՄԵՐ ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԵԱՄԲ ԳՈՐԾՈՂ ՕԹՈՔԱՐՆԵՐԸ ՄԻԱՅՆ ԿՐՆԱՆ ԴՊՐՈՑ ՄՈՒՏՔ ԳՈՐԾԵԼ։ ԱՅԼ ՕԹՈՔԱՐԻ ԵՒ ԹԱՔՍԻՆԵՐՈՒ ՄՈՒՏՔԸ ԱՐԳԻԼՈՒԱԾ Է ԴՊՐՈՑ՝ ՄԱՅՐ ՄՈՒՏՔԷՆ ԿԱՄ 7UP-ի ԿՈՂՄԻ ԿԱՌԱՏԱՆ ԲԱԿԷՆ։
ՕԹՈՔԱՐԻ ՎՃԱՐՈՒՄ.- Տարեկան վճարումը պէտք է փակուած ըլլայ մինչեւ Մայիսի վերջ։
Մեր յարգելի ծնողները պէտք է Տնօրէնութեան մօտ յստակացնեն, թէ քանի՞ մասնավճարով պիտի փակեն նշեալ վճարումը։
Չվճարելու պարագային, աշակերտը կրնայ զրկուիլ օթոքարի գործածութենէն։
Աշակերտներուն, ներառեալ ԺԲ. կարգի աշակերտներուն, ԲԱՑԱՐՁԱԿԱՊԷՍ արգիլուած է իրենց անձնական ինքնաշարժով դպրոց գալ։
Զ- ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑ, ԲԱՑԱԿԱՅՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՅԱՊԱՂՈՒՄ
Դպրոցական զանգը կը հնչէ ժամը 7։ 30ին։
Դասաւանդութիւնները վերջ կը գտնեն ժամը 14։ 50ին։
Անհրաժեշտ է, որ աշակերտները ժամը 7։ 30ին դպրոց գտնուին, այլապէս՝ երկու ուշացումէ ետք կրնան պատժական տնօրինումի ենթարկուիլ։
Անձնական միջոցներով դպրոց յաճախող աշակերտներու ծնողներէն կը խնդրենք, որ ժամը 14։ 50ի զանգէն ետք դպրոց գան իրենց զաւակները ստանձնելու։
Անոնք ինքնաշարժով վարի բակը կրնան մտնել միայն ժամը 3էն ետք, իսկ վերի բակը՝ 14։50էն սկսեալ, սակայն կը խնդրենք մեր յարգելի ծնողներէն, որ վարի բակը չիջնեն, չխանգարելու համար դպրոցական աշխատանքի ընթացքը։
Մանկամսուրի ծնողները պարտին ժամը 2էն 3ի միջեւ չստանձնել իրենց զաւակները. այսինքն անոնք 2էն առաջ կամ 3էն ետք կրնան ստանձնել զանոնք։
Դպրոցէն ՆԱԽԱՏԵՍԵԼԻ բոլոր բացակայութիւններու պարագային- օրինակ՝ ճամբորդութիւն, վիրաբուժական գործողութիւն- պէտք է տեղեակ պահել ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆԸ։
Հիւանդութեան պատճառով բացակայող աշակերտին ծնողքը պարտի այդ առաւօտուն հեռաձայնել դպրոց յայտնելու համար զաւակին պարագան։
ԲԱՐԻ ՎԵՐԱՄՈՒՏ ԵՒ ՅԱՋՈՂ ՏԱՐԵՇՐՋԱՆ ԲՈԼՈՐԻՍ
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
30 Սեպտեմբեր, 2010