Յուշակոթողի Բացում
Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլէճին եւ անոր կրթական, ակադեմական թէ այլ մարզերու մէջ արձանագրուած նուաճումներու հետ սերտ ու անմիջական առնչութիւն ունեցող, դպրոցի կազմաւորման եւ գոյատեւման յաջող հոլովոյթին մէջ իւրայատուկ դրոշմ ձգած Սարգիս Չոլոյեանի, տոքթ. Բաբգէն Փափազեանի եւ Մանուշակ Պոյաճեանի նուիրուած հանդիսութիւն եւ յուշակոթողի բացումը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 28 Հոկտեմբերի երեկոյեան ժամը 8։00ին, «Սիրան Մանուկեան» սրահին մէջ։
Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի հովանաւորութիւնը կրող այս հանդիսութեան բացումը կատարուեցաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ վարժարանի քայլերգներով։
Ապա խօսք առաւ քոլէճի տնօրէն Զօհրապ Ղազարեան, որ ազգային այս վարժարանի գոյատեւման եւ անոր երթի շարունակութեան պատճառներն ու երաշխիքները նկատեց այն հիմեր, որոնք դրուած են Սարգիս Չոլոյեանի, տոքթ. Բաբգէն Փափազեանի եւ Մանուշակ Պոյաճեանի կողմէ։
Ապա վարժարանի աշակերտներէն Շողակաթ Սալխանեան սրինգի վրայ եւ շրջանաւարտներէն Ռուպինա Զաքարեան դաշնակի վրայ նուագներ հպամցուցին ներկաներուն։
Օրուան բանախօսն էր Չոլոյեանը, Փափազեանը եւ Մանուշակ Պոյաճեանը, իբրեւ տնօրէն ունեցած Շաղիկ Գանտահարեան-Խիւտավերտեանը, որ հարազատութեամբ ներկայացուց երեք տնօրէններն ու անդրադարձաւ անոնց շնորհակալ գործունէութեան։ Ան դիտել տուաւ, որ այս ձեռնարկով կ’ոգեկոչուի յիշատակը երեք անխոնջ աշխատողներու, որոնցմէ իւրաքանչիւրին բերած նպաստն եւ ունեցած ներդրումը երաշխաւորեցին վարժարանին փայլուն ընթացքն ու յարատեւ վերելքը։
«Ազգային Ե. Մանուկեան Քոլէճը իր առաջին քայլերը առաւ Սարգիս Չոլոյեանի օրերուն, ամուր հիմերու վրայ հաստատուեցաւ տոքթ. Բ. Ճափազեանի տնօրէնութեան շրջանին եւ կրթական ճառագայթող եւ օրինակելի հաստատութիւն դարձաւ շնորհիւ Մանուշակ Պոյաճեանի հետեւողակն աշխատանքին», նշեց Շ. Խիւտավերտեան։
Իր խօսքը աւարտելով Շ. Խիւտավերտեան դիտել տուաւ, որ իր աշակերտութեան թէ ուսուցչութեան շրջանին Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլէճի զանգը ունեցած է յատուկ արժէք եւ պատգամ, փոխանցած է հաւատք, ազգային արժէքներ եւ բարոյական սկզբոունքներ, մղողը եղած է ազնիւ ու արդար աշխատանքի, նաեւ հրաւէր ուղղած է լծուելու անշահախնդիր ու անանձնական գործի։
Ապա դաշնակի վրայ նուագով մը հանդէս եկաւ շրջանաւարտ Լէոնի Ստեփանեան։
Հանդիսութեան աւարտին իր խօսքը փոխանցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, որ նման նախաձեռնութիւն մը նկատեց աւելի խորքային եւ արժէքաւոր, քան լոկ յուշաքարի մը բացման արարողութիւնը, որովհետեւ անիկա կը մղէ մտածելու այս անձնաւորութիւններուն մարմնաւորած արժէքին եւ հայկական կրթական կեանքին մէջ ունեցած մեծ ներդրումին մասին։Ան ըսաւ, որ այս երեք տնօրէններուն ներկայութիւնն ու գործունէութիւնը հաւատք ու երաշխիք տուին դպրոցին։
Հանդիսութենէն ետք քոլէճի մուտքին տեղի ունեցաւ յուշաքարի բացումը։
Յուշակոթողի Բացում
Categories: School News