Մանուկներու Իրաւունք

View Photos [ssba]
Print Friendly, PDF & Email

     Հինգշաբթի, 22 Մարտ, 2012-ին Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան Քոլէճի, Զ. դասարանի աշակերետներէն՝ Ռիթա Քէրթէնեան եւ Ճէֆրի Ժումժեան իրենց մասնակցութիւնը բերին Վանայ Ձայնի կազմակերպած` «Մանուկներու Իրաւունքներու» օրուան յատուկ յայտագրին։
Իւրաքանչիւր դպրոց պիտի ընտրէր կէտ մը՝ մանուկներու իրաւունքներէն եւ զայն պիտի ներկայացնէր՝ տալով իր տեսակէտը այդ նիւթին շուրջ։
Վարժարանի աշակերտները ընտրեցին հետեւեալ նիւթը՝ «Ազատ ժամանակի եւ զբօսանքի կարեւորութիւնը մանուկի կեանքին մէջ» եւ զայն ներկայացուցին գնահատելի ձեւով։
Անոնք իբրեւ նշանաբան առած էին՝ Յունաստանի Սպարտակ քաղաքի նշանաբանը, որ կ՛ըսէր. «Առողջ միտքը, առողջ մարմնին մէջ կը գտնուի»։     

    Այս տեսակէտէն մեկնած՝ անոնք ըսին, թէ իւրաքանչիւր մանուկի աճման համար կենսական են խաղի եւ ազատ ժամանակի պահերը, որոնք կը կերտեն մանուկը։ Շեշտեցին, որ ազատ ժամանակ ըսելով՝ անիմաստ եւ ոչինչով օգտակար ժամանակի մասին չէ որ կը խօսին իրենք, այլ ժամանակի մը մասին, որ  առիթ կ՛ընծայէ մանուկին յայտնաբերելու իր մէջ թաքնուած ձիրքերը, թափ տալու անոր երեւակայութեան եւ միջոց մը հանդիսանալու, որ մանուկները աւելի լաւ ծանօթանան իրենց շրջապատին։
Տուին խաղերու տարբեր օրինակներ եւ բացատրեցին իւրաքանչիւրին կարեւորութիւնը։
Ինչպէս նաեւ ցաւով յայենեցին, որ այսօր՝ 21-րդ դարուն, տակաւին կան մանուկներ, որոնք զուրկ են մանուկի մը ամենապարզ իրաւունքնրէն, որուն հայթայթման մէջ մեծ դեր կը խաղան կառավարութիւնները, քաղաքապետութիւնները, ծնողներն ու վարժարանները։
Անոնք իրենց զեկուցումը աւարտեցին հետեւեալ մտքով.«Անհնարին է ունենաք ապագայ առողջ սերունդ մը, առանց ներկայ առողջ մանուկներու, որոնք հետագային պիտի դառնան տուեալ ազգին առաջնորդները, մայրերն ու հայրերը, ուսուցիչները…


Categories: