Մանկապարտէզի Հանդէս

View Photos [ssba]
Print Friendly, PDF & Email


Մանկապարտէզի Հանդէս
Ազգային Սիրան Մանուկեան մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսն ու վկայականաց բաշխումը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 10 Յունիսին, երեկոյեան ժամը 6էն սկսեալ վարժարանի սրահին մէջ։ Հանդէսին ներկայ էին Տ. Սարգիս քհն. Սարգիսեանը, ուսումնական խրհուրդի, խնամակալութեան եւ տիկնանց յանձնախումբի անդամներ, քոլէճի տնօրէնուհի Օրդ. Սեդա Պոյաճեան, ուսուցիչներ, ծնողներ եւ բարեկամներ։
Այս տարուան հանդէսը նուիրուած էր Հայ Մանուկի տարուան։ Մանկապարտէզի փոքրիկները տարեդարձի մը պատմութեան ընդմէջէն ներկայացուցին հայ մանուկին իրաւունքները եւ երգերով, պարերով ու նուագով փոխանցեցին պատգամը։ Անոնք իրենց ձիրքերով խանդավառեցին ներկաները եւ ուրախ մթնոլորտ ստեղծեցին։
Ծաղիկի աշակերտները անակնկալ մը հրամցուցին իրենց հայրերուն, երբ զանոնք բեմ հրաւիրելով իւրաքանչիւրին տուին վկայական մը՝ մէկ կողմէն ուրախացնելով եւ միւս կողմէն յուզելով զանոնք։
Մանկապարտիզպանուհիին խօսքէն ետք բեմ հրաւիրուեցան տնօրէնուհին եւ քահանայ հայրը յանձնելու համար վկայականները։
2010-2011 տարեշրջանին մանկապարտէզը աւարտեցին 30 ծաղիկներ։

 


Categories: