Մայրերու Տօն Մանկապարտէզէն ներս

View Photos [ssba]
Print Friendly, PDF & Email

ՄԱՅՐԵՐՈՒ ՏՕՆԸ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԷՆ ՆԵՐՍ
Մայիս 23 եւ 24ին Մայրերու Օրը նշուեցաւ  Ազգ. Սիրան Մանուկեան Մանկապարտէզէն ներս։
Իրենց մայրերուն ընկերակցութեամբ` Մանկամսուրի, Բողբոջի, Կոկոնի եւ Ծաղիկի աշակերտները դիտեցին իրենց դասին առնչուող սահիկներ, երգեցին, արտասանեցին եւ ուրախ ժամ մը անցուցին։
Բակին մէջ գտնուող ծառերուն շուքին տակ, մանկամսուրի փոքրիկներն ու անոնց մայրերը՝ խոհանոցի գոգնոցներ կապած, միասնաբար պատրաստեցին ու կերան պտուղի աղցան։ Իսկ մանկապարտէզի մնացեալ աշակերտներն ու մայրերը հիւրասիրուեցան Վարժարանիս Տիկնանց յանձնախումբին կողմէ տրամադրուած կարկանդակով։
Փոքրիկները իրենց մայրերուն ձեռայինները յանձնելէ ետք, բարձր տրամադրութեամբ շարունակեցին իրենց դպրոցական օրը։


Categories: