Մայիս 28

View Photos [ssba]
Print Friendly, PDF & Email

Մայիսեան Անկախութեան 93 Ամեակի Հանդիսութիւն
Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան Քոլէճի մէջ
     Երկուշաբթի, 30 Մայիս, 2011-ին իւրայատուկ մթնոլորտ կը տիրէր Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան Քոլէճէն ներս։ Վարժարանիս սրահին մէջ տեղի կ՛ունենար Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան իննսուներեքերորդ ամեակի տօնակատարութիւնը։
Սրահի մուտքին իւրաքանչիւր աշակերտ ստացած էր եռագոյնը եւ Լիբանանի դրօշակը  խորհրդանշող՝ միացեալ զարդասեղ մը, ինչպէս նաեւ պրակ մը, որ կը ներկայացնէր Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան պատմականը։
Ձեռնարկի բացումը կատարուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Սարդարապատի զոյգ քայլերգներով, մեկնաբանուած աշակերտութեան կողմէ։ Ապա, խօսք առաւ տիկ. Սրբուկ Ճենանեանը, որ փոխանցեց օրուան պատգամը։ Իր խօսքի աւարտին, ան բեմ հրաւիրեց ազգային երգերու մեկնաբան՝ Սերոբ Յակոբեանը, որ ճոխացուց ձեռնարկը ու խանդավառեց մթնոլորտը։ Անոր ընկերակցեցան Վարժարանիս աշակերտները, որոնք իրենց երգով,  ծափով եւ ազգային ոգիով ու շունչով ցնցեցին սրահը։
Մինչ երգիչը կ՛երգէր, նոյն պահուն աշակերտները պաստառի վրայ կը դիտէին Պատմական Հայաստանի տեսարժան վայրերու տեսաերիզ մը։

 


Categories: