Ձիւնագնացութիւն-Նախակրթարան
Հինգշաբթի, 23 Փետրուարի առաւօտեան զանգը դասի ազդանշան չէր Ա.-Զ. կարգերու աշակերտներուն համար։ Այդ օր աշակերտները իրենց տարազներու փոխարէն դպրոց ներկայացած էին ձիւնի գունագեղ տարազներով ու մոյկերով. իսկ պայուսակներուն մէջ ունէին ուտելիքի ճոխ պաշար։
Խանդավառ մթնոլորտի մէջ, աշակերտները հանրաշարժ բարձրացան եւ ուղղուեցան Ֆառայայի բարձուքները, ուր ձիւնին վրայ ձիւնագնդակ խաղացին, սահեցան, գլորեցան, ձիւնով ու օշարակով պատրաստուած սառնանոյշ ճաշակեցին, ապա՝ իւրաքանչիւր դասարան՝ իր դաստիարակին օգնութեամբ, «իր» ձիւնամարդը շինեց։
Պտոյտի երկրորդ բաժինով աշակերտները ուղղուեցան «Ժալսէթ Լայալինա» ճաշարանը, ուր ճաշելէ, կշտանալէ ետք՝ վերադարձան դպրոց։
Ինչե՜ր ունէին պատմելիք իրենց ընկերներուն եւ ծնողներուն։
Ձիւնագնացութիւն/Նախակրթարան
Categories: School News