Կրկէս
Երեքշաբթի, 18 Դեկտեմբերին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի հրաւէրով, Ազգ. Ե.լ Մանուկեան Քոլէճի Ա.-Դ. դասարաններու աշակերտները ներկայ գտնուեցան «Fantastic Family Show» խաղերու ներկայացման, «Միշէլ Մըր» մարզական համալիրին մէջ։
Մօտաւորապէս երկու ժամ տեւած յայտագրին ընթացքին, անոնք մեծխանդավառութեամբ հետեւեցան աճպարարին, խամաճիկին ու լարախաղացողներուն ճարպիկ շարժումներուն։
Կրկէս
![](http://ymc.me/wp-content/uploads/2014/03/28eb25206d694ce53941a24eb7a05a99.jpg)
Categories: School News