Լիբանանի Անկախութիւն/ Նախակրթարան

View Photos [ssba]
Print Friendly, PDF & Email

Լիբանանի Անկախութեան Նախակրթարանի Ձեռնարկ
Լիբանանի Անկախութեան նուիրուած նախակրթարանի ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 21 Նոյեմբերին: Ձեռնարկը սկսաւ Լիբանանի, Հայաստանի ու Քոլէճի քայլերգներու ունկնդրութեամբ, որմէ ետք, բացման խօսքը կատարեց Զ. դասարանի աշակերտուհի Կալի Աւագեան: Ան իր խօսքին ընդմէջէն, անդրադարձաւ Լիբանանի Անկախութեան կերտման զանազան հանգրուաններուն ու շեշտեց ժողովուրդներու ազատ ապրելու եւ անկախ հայրենիք ունենալու իրաւունքը: Ապա, նախակրթարանի զանազան կարգի աշակերտներէ բաղկացած խմբակ մը ներկայացուց Լիբանանի անկախութեան նուիրուած թատրոն մը, որ հայր ու զաւակներու միջեւ կայացած խօսակցութեան ընդմէջէն, հաճելի ու հասկնալի ոճով, աշակերտներուն կը բացատրէր անկախ ու ազատ ըլլալու իմաստը ու թշնամիին դէմ պայքարելու եւ հայրենիքը անկախութիւնը պահպանելու խորհուրդը:
Թատրոնէն ետք, Զ. դասարանի պարախումբը, գեղեցիկ ու ներդաշնակ կերպով պարելով, ներկայացուց Լիբանանեան շուրջպար մը:
Առաջին, չորրորդ եւ հինգերորդ դասարաններու աշակերտները, յաջորդաբար ասմունքեցին անկախութեան նուիրուած ոտանաւորներ:
Երրորդ դասարանի աշակերտները, հարուածային գործիքներով ներկայացուցին «Թսլամ Եա Ասքար Լպնան» երաժշտական կտորը եւ ապա արտասանեցին «Ուաթան» ոտանաւորը, իսկ երրորդ դասարանը հարուածային գործիքներով ներկայացուց «րաժըհ Եըթաամմար Լպնան» եւ «Եա Մնմութ Քըլնա» կտորները եւ արտասանեց «Ուաթանի» ոտանաւորը:
Զ. դասարանի աշակերտուհիները երգեցին « Թլաանա Ալա Ատտաու» երգը եւ ձեռնարկը փակուեցաւ «Րաժըհ Եըթաամմար Լպնան» խմբերգով:


Categories: