Լիբանանի Անկախութիւն

View Photos [ssba]
Print Friendly, PDF & Email

Լիբանանի Անկախութիւն. Միջնակարգ եւ երկրորդական կարգեր
     Միջնակարգի եւ երկրորդականի ձեռնարկը ամբողջութեամբ ստանձնած էր քոլէճի 10րդ դասարանը: Երեք քայլերգներու ունկնդրութենէ ետք, բացման խօսքը կատարեց Սագօ Գէմպէլեան: Ան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ անկախութեան պատմական հոլովոյթին ու իր խօսքը եզրափակեց շեշտելով թէ անկախութիւնը չի տրուիր ժողովուրդներու այլ կ՛առնուի զոհաբերութեամբ ու պայքարով:
Բացման խօսքէն ետք, Միրէյ Պոյաճեան Երգեց Գարօլ Սմէհայի «Պի Սապահ էլ էլֆ էդդէլիդ» երգը, իսկ Սիլվի Սէրայտարեան նուագեց Պախէն երաժշտական կտոր մը. ապա բեմ բարձրացան խումբ մը աշակերտներ եւ անկախութեան պատմականը կարդացին վաւերագրական ժապաւէնի մը ընկերակցութեամբ: Ապա՝ Նայիրի Տարագճեան, Թալին Պետիկեան եւ Բալիկ Տաղլեան երգեցին «Թլաանա Ալա տաու» երգը:
Ճորճ Գարակէօզեան եւ Սարին Տիշոյեան Ասմունքեցին Էլիա Ապու Մատիէն «Լուպնան» բանաստեղծութիւնը, Մարիա Քէօշկէրեան դաշնակի վրայ նուագեց Շոփէնէն դասկան կտոր մը եւ խումբ մը աշակերտներ ներկայացուցին Լիբանանեան «տապքէ» մը:
Օրուան հիւրն էր պրն. Աւետիս Կիտանեան: Ան անդրադարձաւ Անկախութեան, որպէս արժէք մը զոր պէտք է պահպանել:Պրն. Կիտանեան դիտել տուաւ, թէ Լիբանանեան հայրենիքը կը գտնուի դժուար հանգրուանի մը մէջ ու իր զաւակներուն միացեալ ճիգերով միայն, կարելի է յաղթահարել այս հանգրուանը: Դասախօսը իր խօսքը եզրափակեց ըսելով, թէ ազատութիւնը կորսնցնողը միայն կը գիտնայ անոր արժէքը եւ աշակերտներուն թելադրեց, որպէս տիպար քաղաքացիներ, տէր կանգնիլ զոյգ հայրենիքներու՝ Լիբանանի ու Հայաստանի անկախութեան:


Categories: