Թարգմանչաց

View Photos [ssba]
Print Friendly, PDF & Email

Թարգմանչաց  տօնը  Ազգ. Ե.  Մանուկեան  Քոլէճին  մէջ
Հինգշաբթի, 11  Հոկտեմբեր 2012-ին,  Ազգ. Ե. Մանուկեան  Քոլէճի  նախակրթարանի  աշակերտները,   «Թարգմանչաց  տօն»ի  ձեռնարկին  ընդմէջէն,  վերանորոգեցին  Մայրենիին հանդէպ  իրենց  ուխտը,  գեղարուեստական  կոկիկ  յայտագրով  մը:  

   Ձեռնարկի բացման  խօսքը  կատարեց  Զ.  Դասարանի  աշակերտներէն՝  Նարեկ  Փանոսեան: Ան  իր  խօսքին  մէջ  անդրադարձաւ Թարգմանչաց  տօնի  կարեւորութեան ու  զայն  կոչեց  «Հայ  ժողովուրդի  ձուլումէ  եւ  օտարացումէ  փրկութեան  օրը»  ու  աւելցուց. « Մենք՝  Մեսրոպ  Մաշտոցի  արժանաւոր  ժառանգորդներս,  եկէ՛ք,  այսօր  անգամ  մը  եւս  ուխտենք  հաւատարիմ  մնալ  անոր  հրաշալի  գործին  եւ  շարունակել  երթը՝  հաւատքով,  կամքով,  յարատեւումով  եւ  անշուշտ՝  Աստուծոյ  օգնութեամբ»:  Ան  իր  խօսքը  եզրափակեց  Ժագ  Յակոբեանի՝  «Ով  Հայ, Խօսէ՛  Հայերէն»  բանաստեղծութեամբ:

   Ապա,  գեղարուեստական  յայտագրի  ընդմէջէն,  Դ.  Դասարանի  աշակերտները  կատարեցին  «Բառերու  Երգ»  խմբերգը,  Ա.  Դասարանները արտասանեցին «Իմ  Դասագիրքը», Գ.  Դասարանը  Խաչիկ  Դաշտենցի  «Մեսրոպ  Մաշտոցին» բանաստեղծութիւնը,  իսկ  հինգերորդ  դասարանի  երգչախումբը    մեկնաբանեց  «Ո՜վ  Մեծասքանչ  Դու  Լեզու» երգը:

    Ապա,  առաջին  դասարանէն Մեղեդի  Տէր  Յարութիւնեան,  անսխալ  ու  մանկական  ապրումով,   ասմունքեց  Եղիշէ Չարենցի  «Ես Իմ Անոյշ Հայաստանի»  բանաստեղծութիւնը՝  արժանանալով  ներկաներուն  գնահատանքին:

   Չորրորդ  դասարանները  հանդէս  եկան  «Մեր  Լեզուն»  արտասանութեամբ. Զ.  Դասարանի  աշակերտները  ներկայացուցին  Հայկական  Պար  մը, իսկ  երկրորդ  դասարանները՝  «Վերամուտ»  եւ  «Իմ  Գիրքը»  արտասանութիւնները:

    Օրուան  պատգամը  փոխանցեց  Քոլէճիս  հայերէն  լեզուի   համադրող  ու  դասատու՝ օրդ.  Թալին  Օրտողլեանը:  Ան  աշակերտներուն  մատչելի  ոճով  ներկայացուց  Թարգմանչաց  տօնի  խորհուրդը,  շեշտեց  սեփական  գիր  ու  գրականութիւն ունենալու  ու  զայն  պահպանելու   անհրաժեշտութիւնը: Ան  աշակերտներուն  թելադրեց, մաքուր  պահել  մայրենին  ու  տէր  կանգնիլ  այբուբենին:

   Ձեռնարկի  աւարտին  աշակերտները  իրենց  հետ  տարին Այբուբենը  ներկայացնող՝  իրենց  կողմէ  ներկուած  էջացոյցներ: 

    Միջնակարգի եւ Երկրորդականի Մէջ
Միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտները Թարգմանչացը տօնեցին իրենց իւրայատուկ ձեւով։
Ուրբաթ, վերջին պահուն, բոլորը հաւաքուեցան սրահ, ուր մուտքին իրենց բաժնուեցան այս առիթով պատրաստուածմագնիսէ  յատուկ պատկերներ, որոնց վրայ կը տեսնուէր Երեւանի Մ. Մաշտոցի անուան մատենադարանի նկարը եւ որոնց վրայ կը կարդացուէր Ժագ Յակոբեանի հետեւեալ նախադասութիւնը.« Միայն մէ՛կ գիր, գի՛ր մեսրոպեան… եւ մենք եղանք լոյսի՜ երկիր, մեծ Հայաստան»։
Յայտագիրը պատրաստուած էր միջնակարգի աշակերտներուն կողմէ՝ հսկողութեամբ հայերէնի եւ հայոց պատմութեան դասատուներուն։  Յայտագիրը սկսաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ  վարժարանի քայլերգներով, որոնք ներկայացուեցան դաշնակի վրայ՝ Թ. դասարանի աշակերտ Հենրի Իշխանեանի կողմէ։ Ապա, բացման խօսքը կատարեց Թ. դասարանէն Նայիրի Տարագճեան, որ իր շեշտը դրաւ Թարգմանչաց Տօնին ազգային ու կրօնական կարեւորութեան վրայ։ Ան շեշտեց, որ գիրերո գիւտը եթէ չըլլար հաւանաբար հայերէն խօսող պիտի չմնար։ Իր խօսքի աւարտին, ան ներկայացուց օրուան յայտագիրը։
Յաջորդաբար բեմ բարձրացան Է. դասարանէն Գարէն Այվազեան ասմունք («Հայ Լեզուն Տունն է Հայուն»), Թ. դասասրանէն Սիլվիա Սէրայտարեան (նուագ- դաշնակ), Թ. դասարանէն Աւօ Մարտիրոսեան ասմունք  (Մեր Այբուբենը) եւ Ժ. դասարանէն Լոռի Զէքեան մեներգով։
Գեղարուեստական յայտագրի վերջին բաժինով power pointի ներկայացումով մը փոխանցուեցաւ գիրերու գիւտին, Մեսրոպ Մաշտոցի եւ անոր աշակերտներոն կատարած անգնահատելի աշխատանքին կարեւորութիւնը։
Ապա, բեմ հրաւիրուեցաւ Թորգոմ վրդ. Տոնոյեան, որ աշակերտներուն փոխանցեց օրուան պատգամը։ Ան խօսեցաւ Ե. դարուն իրավիճակին ու սեփական գիրեր ունենալու ազգային, քաղաքական ու կրօնական հրամայականին մասին։ Իր խօսքին մէջ, Թ. վրդ. Տոնոյեան ըսաւ, որ այս օրերուն շատ աւելի  կարեւոր է պահել ու պահպանել մայրենին, գուրգուրալ անոր եւ անաղարտ պահել զայն։ Ան կոչ ուղղեց աշակերտներուն հայերէն գործածել ամէնուրեք՝ դպրոցը, տունը, փողոցը, համացանցի վրայ. որովհետեւ անիկա է երաշխիքը հաապահմանման եւ անոր ամուր կռուանը։
Յայտագիրի աւարտին, Վարժարանի տնօրէն Պրն. Զ. Ղազարեան շնորհակալութիւն յայտնեց հայր սուրբին, յայտագիրը պատրաստող երկու ուսուցչուհիներուն եւ աշակերտներուն։


Categories: